Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան, Ուրբաթ, 27 Հոկտեմբեր 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յուշ-երեկոյ` նուիրուած բեմադրիչ եւ դերասան Սիմոն Մնակեանի: Ներկայ էր նաեւ Սիմոն Մնակեանի կինը` Սօսէ Մնակեան, որ այս առիթով յատուկ եկած էր Մարսէյէն:
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Արազ Գոճայեան: Ան նկատել տուաւ, որ արուեստասէր եւ թատերասէր լիբանանահայը լաւ կը յիշէ 1960-1970-ական թուականներուն լիբանանահայ թատերական կեանքի եռուն ընթացքը, որուն մէջ իր դրոշմը ունեցած է նաեւ Սիմոն Մնակեան` աւելցնելով, որ Մնակեան յաջողած է քանդել հանդիսատեսին եւ թատերախաղին միջեւ գոյութիւն ունեցող երեւակայական պատնէշը` կամուրջ մը հանդիսանալով երկուքին միջեւ, ինչպէս նաեւ ինքնաքննարկումի ու ինքնաքննադատութեան էջ մը բանալ: Մնակեան իր ներկայացումներով մասնակից դարձած է լիբանանահայ թատերական կեանքը քաղաքականացնելու ճիգին եւ անոր համար ալ թերեւս իր մասին կարելի է ըսել մշակութային գործիչ: Գոճայեան յայտնեց, որ Մնակեան իր թատերական գործունէութիւնը շարունակեց Ֆրանսայի մէջ` ընթերցումներով, մատուցումներով եւ բեմադրութիւններով, սակայն Ֆրանսայի ժլատ պայմանները այնքան ալ ձեռնտու չեղան եւ իրեն անհրաժեշտ ուժականութիւնը չպարգեւեցին: