Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Ուրբաթ, 28 Ապրիլ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի նախկին տնօրէն Աշոտ Ճենտերէճեանի մահուան քառասունքին:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ Էմմիեան, որ սեղմ գիծերու մէջ անդրադարձաւ Աշոտ Ճենտերէճեանի մշակութային, յատկապէս երաժշտական գործունէութեան` Համազգայինի յարկին տակ: Էմմիեան թուեց հանգուցեալ երաժիշտին իւրայատուկ իրագործումները հայրենիքի թէ Արցախի մէջ: «Ազնիւ ու մաքուր հայ, Աշոտ Ճենտերէճեան երդուած էր երաժշտութեան ճամբով ծառայել հայրենիքի, Արցախի թէ սփիւռքի մէջ իր այնքա՛ն սիրած հայ ազգին», ընդգծեց Էմմիեան` բարձր գնահատելով անոր նկարագրային գիծերը` իբրեւ երաժշտանոցի տնօրէն, ուսուցիչ, մարդ, թէ արուեստագէտ: «Աշոտ Ճենտերէճեանի վաղաժամ մահով, քոլեճս, Համազգայինի մեծ ընտանիքն ու անձնապէս ես, կորսնցուցինք նախկին տնօրէն մը, ուսուցիչ մը եւ լաւ բարեկամ մը: Հողը թեթեւ գայ վրադ, սիրելի՛ բարեկամ», ըսաւ Էմմիեան:
Ապա ան ներկայացուց ձեռնարկի յայտագիրին գլխաւոր բաժինները: