Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 60 ամեակին նշումը լաւագոյն առիթն էր, որպէսզի գնահատուի միութեան երկար ու բազմապիսի գործունէութիւնը, մեծարուին միութեան ծառայասէր ու հաւատարիմ անդամները եւ ուրուագծուին յառաջիկայի մարտահրաւէրները։
Յունաստանի Համազգայինի 60 ամեակին նուիրուած հանդիսութիւնը կը միտէր արժանաւորապէս նշելու կարեւոր այս թուականը, ճանչնալու եւ ճանչցնելու միութեան գործելադաշտի բնագաւառն ու կարողականութիւնները։
Տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Աթէնքի «Աննա եւ Մարիա Քալութա» թատերասրահին մէջ, Շաբաթ՝ 26 Նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին։ Յայտագիրը բացուեցաւ յատկապէս պատրաստուած պատմական-վաւերագրական երիզի մը ցուցադրութեամբ, որ անցեալն եւ ներկան ցոյց տալու ծառայեց։ Պաստառին վրայ տողանցեցին միութեան թատերական, պարախումբի եւ երգչախումբի վարչութեանց, Համազգայինի գրական-գեղարուեստական երեկոներուն մասնակցած հին ու նոր դէմքեր, որ շատ յստակ դարձուցին գաղութի հարիւրաւոր անձերու ներկայութիւնը՝ Համազգայինի ջերմեռանդ ու մեծ ընտանիքին մէջ։
Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան թեմակալ առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի, Յունահայոց Ազգային Վարչութեան, Հայ Կապոյտ Խաչի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու Հ.Յ.Դ. երեք շրջաններու Կոմիտէներու ներկայացուցիչներ, Համազգայնականներ, հայրենակիցներ։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ հանդիսավար՝ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան, որ խօսեցաւ միութեան հիմնադրութեան պայմաններուն մասին՝ շեշտելով հայ մշակոյթի պահապանն ու քարոզիչը հանդիսանալու միութեան յանձնառութիւնը։
Տօնակատարութեան գլխաւոր բանախօսն էր Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեան, որ խօսեցաւ միութեան գործունէութեան յաւելեալ ամրապնդման եւ նոր մթնոլորտի մը ստեղծման մասին։ Ան շեշտեց մեր ժողովուրդին առջեւ մեր յանձնառութեան վերահաստատման կարիքը, ժամանակավրէպը թօթափելու եւ նոր միջոցներ ու մտայնութիւններ որդեգրելու անհրաժեշտութիւնը՝ միաժամանակ հին, անժամանցելի արժէքները պահպանելով, անոնցմէ ներշնչուելով եւ ուղեցոյց քաղելով։
Ձեռնարկի գեղարուեստական բաժնով հանդէս եկաւ երիտասարդ տաղանդաւոր դաշնակահարուհի Վարդենի Սպարդալեան, որ դաշնակի վրայ կատարեց Առնօ Պապաճանեանի «Nocturne-Գիշերային» եւ «Վաղարշապատի պար» կտորները՝ արժանանալով ներկաներու ջերմ գնահատանքին ու ծափահարութիւններուն։
Իսկ աւարտին ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի տղաքն ու աղջիկները, իրենց ղեկավար ընկ. Էտկար Էկեանի պարուսուցութեամբ։ «Կարմիր Նուռ» եւ «Շատախի» պարերու ներկայացմամբ՝ անոնք հմայեցին ներկաները եւ ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ ստեղծեցին։
Հանդիսութեան երկրորդ բաժինը ամբողջութեամբ յատկացուած էր Յունաստանի Համազգայինի շարքերը համալրած հարիւրաւոր նուիրեալներուն, որոնք անվարան հաւատքով ու համեստ ծառայութեամբ ապահովեցին միութեան փառապանծ երթը։
Շնորհակալութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով, նշուեցաւ բոլոր նուիրեալներու գործունէութիւնը՝ յատկապէս պատրաստուած կարճ երիզով մը։ Ապա՝ բեմ հրաւիրուեցան օրուան պարգեւատրեալները, որոնք անձնուիրաբար ծառայեցին միութեան տարբեր դիրքերէ։ Ահարոն Ստեփանեան, Ծաղիկ Գազանճեան, Եղիս Թերզիպաշեան, Սոնա Սպարթալեան, Կիրակոս Մկրտիչեան, Միքայէլ Տիլսիզեան, Յակոբ Ճէլալեան, Յովհաննէս Տումանեան, Շաքէ Էլմասեան, Շաքէ Աճէրեան, Յարութիւն Նալճեան։
Իւրաքանչիւրին մասին կարճ ներկայացում մը տրուեցաւ հանդիսավարին կողմէ՝ նշելով պարգեւատրեալներու միութենական բարոյական տիպարն ու ծառայասէր գործունէութիւնը։
Հաղորդական, ջերմ ու յուզիչ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցաւ մեծարուող Համազգայնականներու պարգեւատրումը՝ թեմակալ առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեանի, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ ընկ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի եւ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ ընկ. Յովսէփ Պարազեանի ձեռամբ։
Պարգեւատրումներու աւարտին ներկաներուն իր պատգամը փոխանցեց թեմակալ առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան՝ վեր առնելով Համազգայինի նուիրեալ առաքելութիւնը՝ հայ մշակոյթի ճամբով ազգային պատկանելութեան գիտակցութիւնը խորացնելու ու երիտասարդ սերունդներուն մօտ արմատաւորելու իմաստով, ինչպէս նաեւ՝ հաւատարիմ մնալու մեր ազգային արժէքներուն, ի՛նչ ալ ըլլան մեր շուրջ յամեցող պատերազմներն ու դժուարին պայմանները։ Ան անդրադարձաւ մեր լեզուի, մշակոյթի ու ազգային կեանքի մասին, որ ոգեկան վերանորոգման կամք կը պահանջեն, որպէսզի ծաղկին ու յարատեւեն բոլոր միջավայրերուն մէջ։ Սրբազան Հայրը խորապէս գնահատեց պարգեւատրեալ Համազգայնականներու օրինակելի ծառայութեան մարզը։
Ձեռնարկը իր աւարտին հասաւ կազմակերպիչներու եւ ներկաներու այն հաւատքով ու համոզումով, թէ կառչած պէտք է մնալ հայ մշակոյթին, հայ լեզուին ու ազգային կեանքին՝ պահպանելով աշխոյժ գործունէութիւն, որ սերունդէ սերունդ, սիրով ու հաւատքով պիտի ընթանայ։ Որպէ՛սզի յաջորդող տասնամեակներուն, ինչպէ՛ս մինչեւ այսօր, միասնաբար շարունակուի ազգային մեր առաքելութիւնը, ներգրաւելով երիտասարդ սերունդները, որոնք իրենց հետ պիտի բերեն նոր շունչ, նոր ուժ ու նոր ոգեւորութիւն: