«Ազատ Օր».- Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութիւնը՝ Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի երկար ամիսներու ծրագրային ու կազմակերպական հետեւողական աշխատանքին շնորհիւ, թրքամերձ Ռոտոս կղզիին մէջ հիմնեց մասնաճիւղ մը, տեղացի խումբ մը հայերու խանդավառ մասնակցութեամբ։
Ի դէպ, Հայ Դատի Յանձնախումբը անցնող ամիսներու ընթացքին, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ելոյթներու ծիրէն ներս, կազմակերպեց զուտ քաղաքական բովանդակութեամբ հրապարակային հանդիսութիւն մը, երեք տարբեր դպրոցներու մէջ Ցեղասպանութեան ու Հայ Դատի բովանդակութեամբ դասախօսաշարք մը, ինչպէս նաեւ Հայոց Եղեռնագործութեան նիւթով ժապաւէնի մը ցուցադրութիւնը, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով կղզիի քաղաքապետական, հաղորդակցական, մտաւորական եւ համալսարանական շրջանակներէն ներս։
Հրապարակային ու տեղական մակարդակի նախապատրաստական այս աշխատանքներու լոյսին տակ, անցնող շաբթուան ընթացքին, տեղւոյն «Սեմիրամիս» պանդոկին մէջ, Դեկտեմբեր 12ին առաջին քայլ մը նետուեցաւ՝ ամիսներէ ի վեր խօսակցութեանց ու ծրագրումի նիւթ դարձած կղզիին մէջ հայկական մշակութային շարժում, ի հարկին, միութիւն մը, համազգայնական կազմակերպական կառոյց մը հիմնելու հեռանկարով։
Տեղւոյն վրայ, առաջին առիթով Շըրջանային Վարչութեան վաւերացումով կազմուեցաւ առժամեայ առաջին վարչութիւն մը՝ իր դիւանով, որուն գլխաւոր պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մինչեւ Փետրուար 2016 կազմակերպել հիմնադիր ժողով եւ առաջացնել ընտրովի առաջին վարչութիւնը։
Մասնաճիւղի հիմնադրութեան օրը ներկաներուն ցուցադրուեցաւ՝ այս ամրան ընթացքին Սիրոս կղզիին մէջ Արցախէն հիւրընկալուած տղոց մէկ ելոյթին վիտէոն, որ յուզում ու խանդավառութիւն ստեղծեց ներկաներուն մօտ։
Նշանակովի առաջին վարչութիւնը կը բաղկանայ հետեւեալ ընկեր-ընկերուհիներէ.-
Քէօսէեան Խարա. - Նախագահ
Վասիլիու - Պարտիզպանեան Վասիլիս. - Քարտուղար
Տեմէլիս - Յարութիւնեան Մայք - Գանձապահ
Մանուկեան Լարիսա - Խորհրդական
Մանուկեան Սթամաթիս - Խորհրդական
Քէլէնճեան Խրիսթոս-Հրանդ. - Խորհրդական (Զիու-զիցուի համաշխարհային ախոյեան)