Շաբաթ՝ 7 Մայիս 2016-ի երեկոյեան ժամը 8ին, Այիա Փարասքեւիի Pierce-The American College of Greeceի հանդիսասրահին մէջ, տեղի ունեցաւ Յունաստանի Համազգային Կրթական եւ Մշակութային Միութեան պարի միաւորի «Նայիրի», «Նանօր» եւ «Մարալօ» խումբերու պարային համոյթը, Յունաստանի մէջ Համազգայինի հայկական պարախումբերու կազմութեան 30րդ տարեդարձի եւ «Նայիրի» պարախումբի հիմնադրութեան 20ամեակին առիթով։
Ձեռնարկին ներկայ եղան յունահայոց Ազգային Վարչութիւնը, Հ. Յ. Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէն, Հ. Հ. դեսպանը, կրօնական դասը, գաղութային միութենական կառոյցներ եւ 1000ի շուրջ գեղարուեստասէր հասարակութիւն մը։
Սրահի մուտքին, Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան կողմէ պատրաստուած էր միութեան անցնող տասնամեակներու գործունէութեան տարբեր մարզերը ընդգրկող ճոխ ցուցահանդէս՝ տասնեակ լուսանկարներով, աֆիշներով, յայտագիրներով, ալպոմներով ու պատմական բնոյթի վաւերաթուղթերով։ Ժողովուրդը մեծ հետաքրքրութեամբ այցելեց ցուցահանդէսի վայրը եւ ծանօթացաւ ներկայացուած նիւթերուն՝ իր անվերապահ գոհունակութիւնը արտայայտելով։