Քաղաքակրթական իւրայատկութեան անառարկելի յատկանիշ կը հանդիսանայ յարգանքը, եւ այդ յարգանքի հարազատ արտայայտութիւններէն մէկը հանդիսացաւ Երկուշաբթի՝ 14 Նոյեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 8։30-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ, Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» երգչախումբի սիրուած ու արժանաւոր խմբավար Հրայր Ա. Քհնյ. Նիկոլեանի Գանատա վերադարձին առիթով երգչախումբի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած ողջերթի ճաշկերոյթ-երեկոն։
Մթնոլորտը ոչ միայն ուրախ էր, այլեւ ծայր աստիճան գեղարուեստական ու բնական ճամբով ալ երգչախմբային։ Երգչախումբի ղեկավարը յուզումնալից խօսք մը արտասանեց՝ շնորհակալութիւն յայտնելով երեկոյի կազմակերպման համար։ Իր խօսքէն ետք, յանձնախումբի անդամ Արմինէ Ղուլարեան յուշանուէրներ յանձնեց խմբավարին։
Ողջերթի ջերմ խօսքերով հանդէս եկան Համազայինի Շրջանային Վարչութեան ատենապետը եւ անդամներ։ Մթնոլորտը շարունակուեցաւ երգչախմբային քառաձայն երգուած երգերով ու մեներգներով։
Մեր մաէսթրոն տարուան մը համար Գանատա կը մեկնի Հինգշաբթի՝ 17 Նոյեմբերին։
Բարի ճանապարհ ու բարի վերադարձ կը մաղթենք իրեն։
«Ազատ Օր»