Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 15 Դեկտեմբեր 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում մը՝ նուիրուած հալէպահայ բանաստեղծ Յակոբ Նալպանտի «Անմաշ փրփուրներ» քերթուածներու հատորին։
Հանդիպումին գիրքը ներկայացուց «Բագին» հանդէսի խմբագիր Յակոբ Պալեան, որ նշեց, թէ նոր հեղինակներուն գրածները պէտք է կարդալ առանց սպասելու, որ անոնք մեծ անուն ունենան, այսինքն՝ ընտրութիւն չընել «նահապետ»ներու վճիռէն ետք։ Ան աւելցուց, որ այդ անկաշկանդ եւ չնախատրամադրուած ընթերցումը խթան է ստեղծագործողին համար, որ շարունակէ գրականութիւն մշակելու փորձութիւնը։
Պալեան յայտնեց, որ ինք Նալպանտի բանաստեղծութեան հատորը հաճոյքով կարդացած է, քանի որ ան կը վկայէ հայերէնով գրականութիւն մշակելու դժուար եւ երբեմն ալ ժամանակավրէպ նկատուող հաւատարմութեան մասին։ Յակոբ Պալեան ըսաւ, որ ուշագրաւ էր հեղինակին կողմէ ներշնչումի արտայայտութեան համար նոր ձեւերու եւ բառերու գործածութիւնը։ Ան նաեւ ներկայացուց Յակոբ Նալպանտի կարգ մը բանաստեղծութիւններուն արժէքը։ Պալեան հաստատեց, որ հայերէնով գրականութիւն մշակել փորձողը կը ծառայէ հայ գրականութեան, եւ ասիկա յաղթանակ մըն է օտարամոլներու, օտարացողներու, օտարախօսներու, այլասերածներու եւ պարտուածներու դէմ։
Ապա ներկաները կարդացին հեղինակին գրութիւններէն հատուածներ, մինչ «Անմաշ փրփուրներ» քերթուածներու հատորի հեղինակ Յակոբ Նալպանտ ամփոփ կերպով խօսեցաւ իր գիրքին մասին։ Հանդիպումին ընթացքին ներկաները նաեւ մտահոգութիւն յայտնեցին «Բագին»ի լսարաններուն գրողներու եւ գրականասէրներու սակաւաթիւ ներկայութեան մասին, ինչ որ մտահոգիչ է։ Անոնք նաեւ անդրադարձան ընթերցանութեան կարեւորութեան եւ ընթերցանութեան սովորութեան պահպանման մէջ ծնողներու դերակատարութեան։