Կիրակի՝ 19 Մարտ 2017-ին, «Տէր Զաքարեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ մշակութային հաւաք՝ կազմակերպութեամբ Թեսաղոնիկէի Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղին:
Ինչպէս ամիսներ առաջ յայտարարուած էր վիճակահանութեան մասին, ժամանակը հասած էր կատարելու սոյն վիճակահանութիւնը: Վիճակահանութիւնը կ՛ընդգրկէր երկու տոմս դէպի Հայաստան եւ վեցօրեայ պանդոկի ապահովութիւն:
Ձեռնարկի բացման խօսքը կատարեց Թեսաղոնիկէի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեան, որ նաեւ Համազգայինի «Ղազարոս Սարեան» մասնաճիւղի ատենադպիրն է:
Հայր Սուրբը ըսաւ.- «Համազգայինը՝ ըլլալով համաշխարհային միութիւն մը, իր առաքելութեան մէջ կը մնայ կանգուն, Հայ մշակոյթի բարգաւաճումը որպէս նպատակ ունենալով՝ վարչութիւնս միշտ կը փորձէ տալ այն, ինչ որ պէտք է մեր համայնքին որպէս մշակոյթ, եւ այսօր ահաւասիկ հաւաքուած ենք իրարու հետ վայելելու հայ մշակոյթի բարիքները:
Այսօրուան կատարուելիք վիճակահանութիւնը լոկ խաղարկութիւն մը չէ, որովհետեւ անոր արդիւնքը պիտի ծառայէ անձի մը ուրախութեան, եւ հայրենիքին կարօտն ու երազը ունեցող հոգիի մը իրականացման: