Չորեքշաբթի, 16 Մարտ 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի 3-րդ Մշակութային Երեկոն, որ կը բաղկանար երկու բաժիններէ՝ գրական եւ երաժշտական:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեանի հակիրճ բացման խօսքէն ետք սկսաւ երեկոյի գրական բաժինը, նուիրուած Շաւարշ Նարդունիի: Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեան հետաքրքրական եւ դիւրըմբռնելի ոճով ներկայացուց գրագէտին կեանքը, գործերն ու մտաւորականի բարձր արժանիքները, ընդգծելով անոր աշխատասիրութիւնն ու հայրենասիրութիւնը: Նարդունիի գործերէն ընթերցումեր կատարեցին Նայիրի Մուրատեան եւ Արթօ Դաւիթեան:
Յայտագռի երկրորդ բաժինով Տիկին Նանար Սարգսեան ներկայացուց աշուղ-բանաստեղծ Սայաթ Նովայի կեանքն ու գործը, տողընդմէջ արտասանելով անոր բանաստեղծութիւններէն հատուածներ: Տիկին Սարգսեան ընդգծեց, որ Սայաթ Նովայի մեծ տաղանդը ճաճանչած էր յատկապէս անոր հայերէն տաղերուն մէջ, որով ան հռչակուած էր որպէս համամարդկային զգացումներու եւ սիրոյ տաղերգու:
Երեկոն փակելէ առաջ բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ այդ օրերուն Կիպրոս գտնուող քանդակագործ Ռուբէն Նալբանդեանը, որուն քանդակած հրաշալի խաչքարին բացումը տեղի ունեցած էր նոյն օրը, Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին առջեւ, ի յիշատակ ՀՀ նախագահի պաշտօնական այցելութեան: Քանդակագործը խօսեցաւ իր քանդակած հարիւրաւոր խաչքարերուն ու իր բնակավայր Էջմիածինի մէջ գործող խաչքարի «Վարպետաց Դպրոց»ին մասին:
Յայտագրի փակումէն ետք, ինչպէս միշտ, ներկաները շարունակեցին իրենց զրոյցը, բաժակ մը գինիի ընկերակցութեամբ: