Ընդլայնելով իր մշակութային գործունէութիւնը եւ տարածուելով դէպի այլ քաղաքներու հայկական փոքր համայնքները, Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մասնաճիւղի վարչութիւնը Շաբաթ, 17 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, Լիմասոլի «Նարեկ» վարժարանի սրահին մէջ, կազմակերպեց մշակութային երեկոյ մը, որ մեծ ոգեւորութեամբ ընդունուեցաւ տեղի փոքրաթիւ հայ համայնքին կողմէ:
Երեկոյի նիւթն էր Շարլ Ազնաւուրի կեանքն ու գործը, որ հմտօրէն ներկայացուեցաւ Նառա Սարդարեանին կողմէ, լսա-տեսողական նիւթերու ընկերակցութեամբ: Ներկաները հետեւեցան Ազնաւուրի կեանքի զանազան դրուագներուն՝ մանկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն, ծանօթանալով անոր սէրերուն, գործընկերներուն, ամուսնութիւններուն եւ ընտանիքի անդամներուն, անոր երաժշտութեան, համբաւին ու համերգներուն: Տիկին Նառա լայն տեղ տուած էր Ազնաւուրի հայրենասիրական գործունէութեան եւ այն բարձր գնահատանքին ու պատիւներուն, որոնց արժանացած է թէ՛ հայրենի պետութիւններուն ու ժողովուրդին եւ թէ համաշխարհային լսարանին կողմէ:
Ներկայացման վերջաւորութեան ներկաները բուռն ծափերով գնահատեցին Տիկին Նառայի ելոյթը, շնորհաւորելով զինք ու նաեւ Համազգայինի վարչութիւնը, Լիմասոլի մէջ առաջին անգամ այսպիսի ձեռնարկ մը իրագործած ըլլալուն համար: Բոլորին բաղձանքն էր, որ Համազգայինը չմոռնայ զիրենք եւ այսպիսի ձեռնարկներով միշտ ներկայ ըլլայ Լիմասոլի համայնքէն ներս: