Համազգայինի Կիպրոսի «Օշական» Մեկուսի Վարչութեան կազմակերպած՝ տարեշրջանի 5-րդ մշակութային երեկոն նուիրուած էր մեծ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանին: Յիսունէ աւելի անդամներ ու բարեկամներ դարձեալ իրենց աթոռները գրաւած էին յայտարարուած ժամէն առաջ, հաճելի ու դաստիարակիչ յայտագիր մը ունկդրելու ակնկալութեամբ:
Վարչութեան ատենապետ Արթօ Դաւիթեան՝ հակիրճ բարի գալուստի խօսքէն ետք բեմ հրաւիրեց օրուան զեկուցաբերը, տարիներու վաստակաւոր ուսուցիչ եւ Կիպրոսի Թեմական Ժողովի ատենապետ Սեպուհ Դաւիթեանը, որ դաստիարակի իր բնածին տաղանդով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի կեանքն ու գործերը, մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ներկաներուն մէջ:
Սեպուհ Դաւիթեան նախ նկարներու ցուցադրութեամբ եւ լայն տեղեկութիւններով ներկայացուց Արամ Խաչատուրեանի կեանքը՝ պատանեկութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն եւ Երեւանի մէջ յուզումնախառն ազգային ցոյցի վերածուած անոր յուղարկաւորութիւնը:
Ապա ներկաները մէկ առ մէկ դիտեցին Խաչատուրեանի հանրածանօթ գործերէն հատուածներ, ինչպէս՝ ջութակի եւ դաշնակի քոնչերթոները, աշխարհահռչակ երաժիշտներու կատարումներով: Այս բաժինին յաջորդեց Խաչատուրեանի նշանաւոր «Գայեանէ» եւ «Սպարտակուս» պալէներէն հատուածներու ցուցադրութիւնը, հիացումի արտայայտութիւններ խլելով ներկաներէն:
Վերջաւորութեան Սեպուհ Դաւիթեան պատմեց Խաչատուրեանի եւ Սալվատոր Տալիի զաւեշտալի հանդիպումին մասին, զուարճալի բարձրակէտով մը փակելով յայտագիրը ու արժանանալով ներկաներու գնահատանքին ու շնորհաւորութիւններուն: