Մշակութային կեանքի երկար ընդմիջումէ մը ետք, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Քեսապի «Համօ Օհանջանեան» Մասնաճիւղի Վարչութիւնը նախաձեռնած էր մշակութային եւ գրական երեկոյի մը` նուիրուած Պարոյր Սեւակի մահուան 45-ամեակին, ինչպէս նաեւ Սեւան Ասատուրեան-Մանճիկեանի հեղինակած «Քեսապ-2014, Տեղահանութիւն եւ Վերադարձ» գիրքին մատուցման ու գինեձօնին:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Քեսապի «Սահակեան» սրահին մէջ, պատմական ու գողտրիկ վայր մը, ուր հաւաքուած էին գիւղի հոգեւոր հովիւներ` Արժ. Տէր Նարեկ Քհնյ. Զերէնցեան եւ Հոգշ. Տէր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան, Քեսապի մշակութային, մարզական եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ եւ կէս հարիւրակ մը համագիւղացիներ:
Բացման խօսքը կազմակերպող վարչութեան անունով արտասանեց վարչութեան անդամ Մարալ Կարճիկեան, որ բարի գալուստի պատշաճ խօսքէն ետք ներկայացուց օրուան բանախօսը եւ գիրքի հեղինակին կենսագրական տուեալները: