Սեպտեմբեր 10-11 Լաւալի Հայ Կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Համազգայինի Սանահին մասնաճիւղի հայագիտական սեմինարը, որ բաղկացած էր երկու օրուան վրայ երկարող դասախօսութիւններէ։
Սեմինարին նիւթը կը մեկնէր պանդուխտ եզրի շուրջ խորհրդածութենէ մը։ Ի՞նչ հասկնալ պանդուխտ բառով եւ ի՞նչպէս առնչել զայն մեր ներկային։ Ի՞նչպէս բացատրել ու զանազանել տարբեր շերտերու ու մակարդակներու վրայ ապրուող այլութեան փորձառութիւնները, որոնք եղած են մեր ժողովուրդինը դարերու ընթացքին, հասնելով մինչեւ Օսմանեան կայսրութեան գաւառներէն մայրաքաղաք թափող երիտասարդներունը, որ ծնունդ կու տար զանազան գրողներու գրչին տակ մշակուած պանդուխտի գրականութեան ժանրին։
Պատմական հակիրճ ակնարկով մը սեմինարին բացումը կատարեց Դոկտ. Սիմա Աբրահամեան-Յովհաննէսեան, բացատրելով պատմութեան ընթացքին պանդխտութեան եզրին տակ ինկող զանազան տեղափոխումները, ըլլան անոնք անհատական կամ զանգուածային։ Ապա խօսք առաւ Նիւ Ճըրզիէն յատկապէս հրաւիրուած Դոկտ. Վարդան Մատթէոսեան, որ մանրամասն ուսումնասիրութեամբ մը ներկայացուց պանդուխտ եզրի գտած արտայայտութիւնները գրականութեան մէջ, սկսելով ամենահին աղբիւրէն՝ Սուրբ Գրային պանդխտութեան դրուագներէն հասնելով պարսկական ու բիւզանդական կայսրութիւններուն միջեւ Հայաստանի բաժանումին, կաթողիկիսութեան անկումին ու զանազան դարերու դաւանափոխութիւններուն տուն տուած զանգուածային պանդխտութիւններուն։ Այս պանդխտութիւնները կը մեկնաբանուին իբրեւ անէծք ու Աստուծոյ հանդէպ անհնազանդութեան հետեւանք եղող պատիժ ու ծնունդ կու տան պանդուխտի գրականութեան նախակարապետը եղող հայրէններուն ու ժողովրդային գրականութեան, ուր կը յայտնուին երկու աշխարհներու միջեւ անվերադարձ վիճակի ապրումներ։
Աւելի ուշ կը հասնինք Պոլսոյ պանդուխտներուն, որոնք կը ներկայանան ստորին խաւերու խտրականութեան զոհի ու ծայրագոյն թշուառութեան ճիրաններուն մէջ բռնուած կերպարներով։ Կայ նաեւ մինչեւ 1915 Ամերիկա պանդխտացած հայերու պարագան, որոնց փորձառութիւնը տուն պիտի տայ ամերիկահայ գրականութեան ծնունդին։ Դոկտ. Մատթէոսեան բաժանման գիծը դրաւ 1915-ին վրայ, երբ աքսորը կ՚իրագործուի հրահանգով ու կը դառնայ տարագրութիւն։ Պանդուխտի գրականութիւն սակայն կը գտնենք մինչեւ 1960-ականները, օրինակ 1922-էն Պոլսէն Ֆրանսա մեկնած հայերու պարագային, որ ծնունդ կու տայ ֆրանսահայ գրականութեան, Սանճաքի պարպումի հետեւանքով Այնճարի ստեղծումին ու անոր գրողներու փորձառութեան։ Պանդխտութիւնը կրնայ ըլլալ սփիւռքեան կեանքի առաջին հանգրուանը, երբ կայ երկրէ մը կամ վայրէ մը մեկնումի փորձառութիւնը։
Կէսօրուան դադարէն ետք խօսք առաւ Յասմիկ Ինճէճիկեան եւ խօսեցաւ ու մեկնաբանեց պանդուխտի երգերը իբրեւ համաժողովրդական վշտի երգեր։ Ան զանազանեց հեղինակային տաղերը, որոնք աւելի խրատական բնոյթ ունին ժողովրդական ղարիպի երգերէն, որոնք երկխօսութեան, սիրոյ, լացի միջոցով իսկական ցոլացումը կը բերեն առաջին դէմքով ապրուած փորձառութիւններու։ Ապա խօսք առաւ Մարի Պլանշ Ֆուրքատ, որ խօսեցաւ գաղթականներու մօտ առարկաներու դերին մասին երկրին կապուած մնալու ու զայն երկարաձգելու ճիգին մէջ։ Ան ներկայացուց Մոնթրէալ բնակող հայերու տուներէ ներս կատարած այցելութիւններու վրայ հիմնուած պրպտումներու արդիւնքը, զանազան առարկաներու տեղը մարդոց կեանքերուն մէջ, անոնց հետ կապուած պատմութիւններն ու անոնց ընդմէջէն ինքնութեան դրսեւորումի երեւոյթները։ Օրուան վերջին ներկայացումը թատերական մէկ պատկերով ներկայացում մըն էր Համազգայինի Պ. Ադամեան թատերախումբին կողմէ, բեմադրութեամբ Նանսի Իսայի։ Լէլակ Ոսկեան ու Գաբրիէլ Սոմունճեան ներկայացուցին Ռիչըրտ Քալինովսքիի «Գազանը լուսնին վրայ»էն տեսարան մը։
Երկրորդ օրուան բացումը կատարեց Վիգէն Թիւֆէնքճեան, որ խօսեցաւ պատկերներու դերին մասին իբրեւ ներկան տեւականացնող, տարածութիւնը կրճատող ու մահուան ու բաժանումի վերջնական խզումը մեղմելու ծառայող միջոցներ։ Ապա խօսք առաւ Մհեր Գարագաշեան ու ներկայացուց պանդխտութեան թեման թատերական գործերու ընդմէջէն։ Ան սկսաւ Յակոբ Օշականի «Երկնքի ճամբով» կտորով, ուր կը նկարագրուի խումբ մը կրօնաւորներու ոդիսականը տարագրութեան օրերուն ու անոնց զանազան ծառացումները կրօնափոխութեան ուրուականին դէմ յանդիման։ Ապա անցաւ Համաստեղի «Հայաստանի լեռներու սրնգահարը» կտորին, ուր գլխաւոր պանդուխտը ոգին է, մինչ Ժագ Յակոբեանի «Կռունկը կը կանչէ»ն կը բեմադրէ կամաւոր ու գիտակից ուրացումը հայութենէն իբրեւ վրէժ։ Իսկ Մուշեղ Իշխանի «Կիլիկիոյ արքան» կը բերէ ցնորքի ու խենթութեան երեւումը վերջնական կորուստին դիմաց։ Ապա խօսք առաւ Էլօ Տէր Մելգոնեան, որ սահիկներու միջոցով ներկայացուց պանդխտութեան թեման հայ նկարիչներու գործերուն ընդմէջէն։ Օրուան վերջին դասախօսն էր Դոկտ. Նէլլի Օխիկեան, որ խօսեցաւ Ատոմ Եկոյեանի ֆիլմերուն մէջ երեւցող կորուստի ու ծննդեան երկրի պակասի արտայայտութիւններուն մասին։ Հօր կերպարի ներկայութիւն/բացակայութիւնը կը զուգադիպի աւանդական ընտանիքի հարցերուն ու քայքայումին, ի յայտ բերելով ազգային խմբաւորումներու պատկանելիութեան նոր մեկնաբանութիւններ գաղթականութեան երկիրներէն ներս։
Սեմինարը աւարտեցաւ խանդավառ զրոյցի մը բաժինով։