Կազմակերպութեամբ Լիբանանի Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէնութեան եւ շրջանաւարտներու համախմբումին, քոլեճի 25-ամեակի նախաձեռնութիւններուն ծիրին մէջ, Կիրակի, 18 Յունուար 2009-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երկրորդ երեկոն, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցաւ լիբանանահայ կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան: Հանդիսութեան ներկայ էին համազգայնականներ, արուեստասէրներ, քոլեճի ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Արմէն Քեչեկ, որ նշեց, թէ երաժշտական երեկոները շարժառիթներ են՝ գաղութին մէջ յառաջացնելու երաժշտական մթնոլորտ եւ միջավայր:
Անդրադառնալով օրուան ելոյթին՝ Քեչեկ յայտնեց, թէ 25-ամեակի երթին մէջ իրենց ինքնուրոյն տեղը ունին քոլեճի շրջանաւարտները, որոնցմէ մէկն է տաղանդաւոր կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեան, որ սիրայօժար ընդառաջած է մենահամերգ ունենալու տնօրէնութեան առաջարկին:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Մկրտիչ Միքայէլեան, որ շուրջ մէկ ժամուան տեւողութեան ներկայացուց Տիգրանեանէն, Կանաչեանէն, Պապաճանեանէն, Սայաթ Նովայէն եւ օտար հեղինակներէ ստեղծագործութիւններ: Յատկանշական էր «Ով սիրուն, սիրուն»ը, «Ամպի տակից»ը, «Օրօր»ը, «Ազգ փառապանծ»ը եւ «Սոնաթ ին Տոմաժոր»ը:
Տեղին է նշել, որ հայկական ստեղծագործութիւններուն կիթառի համար գործիքային մշակումը կատարած է նոյնինքն կիթառահար Մկրտիչ Միքայէլեանը:
Ան 2006-ին Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ հրապարակած է իր առաջին սկաւառակը, իսկ երկրորդը, որ կը կրէ «Քայէլտոսքոփ» անունը, 2008-ին արձանագրուած է Աթէնքի մէջ: