Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան, Երեքշաբթի, 30 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութեան վերածուած միջդպրոցական պարի փառատօնը՝ ներկայութեամբ հայկական վարժարաններու տնօրէններու, ուսուցիչներու, կրթական պատասխանատուներու, արուեստասէրներու, ծնողներու ու աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան անունով արտասանեց Վարդան Ազնաւուրեան, որ նշեց, թէ փառատօնը կը միտի ստեղծել միջդպրոցական առողջ մթնոլորտ, ինչպէս նաեւ առիթ՝ օգտուելու փոխադարձ փորձառութիւններէն: Ազնաւուրեան ըսաւ, թէ փառատօնին կը մասնակցին 20 հայկական վարժարաններ եւ այս նախաձեռնութեան մնայուն գործադրումը լաւագոյն ապացոյցն է հաստատելու համար, որ ձեռնարկը իր նպատակին կը ծառայէ ու հայկական վարժարաններու տնօրէնութիւնները մեծ կարեւորութիւն կու տան ընդհանրապէս արուեստին ու մասնաւորաբար պարին:
Ապա հերթաբար բեմ բարձրացան առաջին ելոյթին մասնակից դպրոցները, որոնք ներկայացուցին հայկական ժողովրդական տարբեր պարեր՝ ստեղծելով հաճելի ու ուրախ մթնոլորտ: Յայտագիրը փակուեցաւ «Քոչարի» պարին ներկայացումով:
Ելոյթին մասնակից վարժարաններն էին՝ Հայ կաթողիկէ Հռիփսիմեանց վարժարանը, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանը, Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպենկեան» վարժարանը, Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանը, Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանը, Լեւոն Կ. Նազարեան վարժարանը, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանը, ՀԲԸՄ-ի Դարուհի Յակոբեան-Յովակիմեան վարժարանը, Հայ կաթողիկէ Գէորգ Հարպոյեան վարժարանը, Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը եւ Ազգային Եղիշէ Մանուկեան վարժարանը: