Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին Շաբաթ, 27 Մարտ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Համազգայինի «Լ. Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական գծագրութեան մրցանքի մրցանակաբաշխութիւնը՝ ներկայութեամբ կրթական պատասխանատուներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի գեղարուեստական պատասխանատու Ժանեթ-Յակոբեան-Եափուճեան, որ նշեց, թէ միջդպրոցական գծագրական մրցանքին իրենց մասնակցութիւնը բերին հայկական 25 վարժարաններէ 168 աշակերտներ, որոնք ճշդուած նիւթերով գծեցին գեղանկարներ: Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկը լաւագոյն առիթն է գծագրութեամբ հետաքրքրուած աշակերտները համախմբելու, ինքնարժեւորելու եւ այդ առումով բարելաւման նախաձեռնող աշխատանքներու անցնելու: Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան ըսաւ, որ «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցը մասնագիտական հսկողութեամբ կը կատարէ իր աշխատանքը՝ զարգացնելու համար աշակերտութեան գեղարուեստական ճաշակն ու կարողականութիւնը:
Ապա խօսք առաւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարիչ տնօրէն Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ յայտնեց, թէ այս ձեռնարկին հայկական վարժարաններուն մասնակցութիւնը լաւագոյն ցուցանիշն է հաստատելու, որ մրցանքը իր նպատակին կը ծառայէ՝ ստեղծելու համար կերպարուեստին շուրջ աշակերտներուն միջեւ համապատասխան մրցակցութիւն: Տեմիրճեան ըսաւ, թէ միջդպրոցական գծագրական մրցանքին բոլոր մասնակիցները առիթ պիտի ունենան ամրան մասնակցելու յատուկ դասընթացքի մը, որ կը միտի զարգացնել աշակերտութեան գիտելիքներն ու փորձառութիւնը գծագրութեան վերաբերեալ :
Նշենք, որ մրցանքը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, 13 Մարտ 2010-ին եւ տարիքային երեք խումբերէն առաջին հանդիսացող աշակերտները ստացան «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի յառաջիկայ տարեշրջանին ամբողջական կրթաթոշակը, երկրորդ հանդիսացողները՝ 50 առ հարիւր կրթաթոշակ, իսկ երրորդ՝ քսանհինգ առ հարիւր: Դատական կազմին անդամներն էին Անիթա Թութիկեան, Միսաք Թերզեան եւ Ժանեթ Յակոբեան-Եափուճեան: Իսկ բոլոր մրցանակակիրներն ու գնահատական մրցանակին արժանացած աշակերտները հանդիսութեան հովանաւոր «Ֆէյպըրքեսըլ» ընկերութենէն ստացան գրենական պիտոյքներ: