Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին կազմակերպութեամբ Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ մեծարանքի հանդիսութիւն` նուիրուած վաստակաշատ դերասաններ Մանուէլ Մարգարեանին (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեանին:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Նարէ Գալեմքերեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն այն բեմին վրայ, ուր տարիներ շարունակ Մանուէլ Մարգարեան (Մանուէլիկ) եւ Մարի Ռոզ Մանուկեան ներդրում ունեցած են լիբանանահայ թատրոնի զարգացման:
«Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան անունով ելոյթ ունեցաւ Մարտիկ Տեմիրճեան: Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ լիբանանահայ թատերական գործունէութեան, որ տակաւին կը շարունակուի, ինչպէս նաեւ նշեց թատերական կեանքի դժուարութիւնները, որոնք ոչ մէկ օր արգելք հանդիսացած են նուիրեալ դերասաններու, որպէսզի իրենց լաւագոյնը դրսեւորած հանդէս գան թատերասէր հասարակութեան: Ան նշեց, որ դերասաններու յաւելեալ ճիգի արտայայտութիւնը իրենց մէջ յաւելեալ արժէք կը ստանայ, որովհետեւ անոնց կատարած աշխատանքը ասպարէզային չէ, մասնագիտական չէ, հետեւաբար լիբանանահայ դերասանները ալ աւելիով կ՛արժեւորուին: