Կրթական հաստատութիւններ
Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի «Նորսիկեան» մանկապարտէզը կը պատրաստուի նոր ու գրաւիչ արտաքինով, աւելի ապահով սարքաւորումներով օժտուած դասարաններու մէջ ընդունիլ աշակերտները:
Նորոգութեան, բարեզարդման եւ վտանգներէ կարելի եղածին չափ զերծ միջավայրի մը ստեղծման աշխատանքները արդէն իսկ իրենց աւարտին կը մօտենան: Այս մասին եւ դպրոցին մէջ յատկանշական այլ նորութիւններու մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու նպատակով «Ազդակ» զրոյց-հանդիպում մը ունեցաւ Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին հետ: