Իրաւաբան եւ Լիբանանի նախկին երեսփոխան մեթր Վարդգէս Շամլեանի «Այլազան գրութիւններու ժողովածոյ» գիրքը ներկայացնելու նպատակով, «Բագին» պարբերաթերթը Չորեքշաբթի, 30 Յունուար 2013-ի երեկոյեան Համազգայինի «ԼեւոնՇանթ» կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ կազմակերպած էր ընթերցման հանդիպում մը:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Բագին»-ի քարտուղար Նազարէթ Գէորգեան, որ հանդիպումի նպատակին անդրադառնալէ ետք ներկաներուն ծանօթացուց մեթր Վարդգէս Շամլեանը, անդրադարձաւ իբրեւ իրաւաբան անոր տարած գործունէութեան` շեշտը դնելով անոր մշակած գրականութեան եւ հրատարակած գիրքերուն վրայ:
«Իբրեւ իրաւաբան, մեթր Շամլեան անդամակցած է Պէյրութի եւ Քեպեքի բիւրոներուն, նաեւ 1960-էն 1964 եղած է Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Եղած է նաեւ անդամ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան` Սիմոն Վրացեանի ատենապետութեամբ: Դասախօսած է «Հայ հին իրաւունք» նիւթը` Պէյրութի Համազգայինի հայագիտական բարձրագոյն հիմնարկին մէջ:1952-1982 եղած է Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի եւ անոր ենթակայ ազգային բոլոր խորհուրդներուն, ժողովներուն, վարժարաններուն, հայրենակցական միութիւններուն փաստաբանը եւ իրաւական խորհրդատուն: Ան գործող փաստաբան եւ խորհրդատու եղած է ԼՕԽ-ի, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի եւ Դաշնակցութեան` պետական եւ դատական իշխանութիւններուն մօտ անոնց ունեցած գործողութիւններուն համար», նշեց Ն. Գէորգեան:
Ապա խօսք առաւ օրուան բանախօսը` մեթր Բիւզանդ Պասթաճեան:
Բանախօսը գիրքին ամփոփ ներկայացումը կատարեց` ըստ պատշաճի մէջբերումներ կատարելով եւ ըստ յարմարութեան կարդալով անկէ հատուածներ: Ան սկսաւ թարգմանական բաժինով եւ ըսաւ, թէ մեթր Շամլեան այլազան օտար հեղինակներէ թարգմանութիւններ կատարած է: Ապա անցաւ գիրքին մէջ տեղ գտած իրաւաբանական նիւթերուն` նշելով, որ մեթր Շամլեան իր գործածած բառերը ընտրած է օգտագործելով եզրեր, որոնք պէտք է ամբողջական իմաստ փոխանցեն, յատկապէս իրաւաբանական ոլորտին մէջ` մնալով սակայն մէկ բառի երկարութեան սահմանին մէջ:
Ապա ներկայացուց ազգային եւ կրօնական զանազան նիւթեր` «Ս. Վրացեանը եւ Համազգային Միութեան հիմնումը», «Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ անոր հաւանական դադրումը» եւ «Մոհամետ մարգարէի ծաղրանկարներու խնդիրը»: Այս վերջինին անդրադառնալով` մեթր Պասթաճեան նշեց, որ հեղինակը ընդգծած է խօսքի եւ արտայայտութեան իրաւունքին սահմանները` հարցադրելով, թէ արդեօք ի՞նչ է մարդ-անհատին խօսքի ազատութեան սահմանը:
Անցնելով պատմագիտական բաժինին, մեթր Պասթաճեան անդրադարձաւ հիմնական երեք նիւթի` գահնամակներուն, հին Հայաստանի ստրուկներուն եւ նախամաշտոցեան հայ գրականութեան: Ան նախ բացատրեց, ի՛նչպէս մեթր Շամլեան իր գիրքին մէջ փաստեր կը ներկայացնէ եւ կ՛եզրակացնէ, թէ Հայաստանի քրիստոնէացումէն առաջ հայ գիր եւ գրականութիւն գոյութիւն ունեցած են, եւ թէ քրիստոնէացումով է, որ այդ գրականութիւնը անյայտացած է: Խօսելով գահնամակներուն մասին` բանախօսը յայտնեց, որ անոնք կը պարունակէին Հայաստանի նախարարական եւ իշխանական տուներուն ցանկագրումները եւ անուանացանկեր կը բովանդակէին: Ինչպէս նաեւ անոնց կողքին կային զօրանամակները, որոնք իրենց կարգին կը բովանդակէին տեղեկութիւններ Հայաստանի զօրագունդերուն մասին: Հեղինակը այդ տեղեկութիւնները ցանկագրելով ներկայացուցած է իր գիրքին մէջ: Նաեւ այդ գահնամակներուն ուսումնասիրութեամբ մեթր Շամլեան եզրակացուցած է, որ 7-րդ դարէն սկսեալ Հայաստանի բանակը տկարանալու սկսած է, յատկապէս բդեշխներուն պատճառով:
Վերջապէս մեթր Պասթաճեան խօսեցաւ հին Հայաստանի ստրուկներուն մասին: Արդարեւ, հեղինակը իր գիրքին մէջ կ՛ըսէ, թէ հին Հայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ տեղի ունեցած է ստրկավաճառութիւն: Ան ներկայացուցած է չորս տեսակի ստրուկներ, որոնք կրնային նաեւ կիներ ըլլալ` տնային աղախին, արքունի, տաճարական եւ եկեղեցական ստրուկներ: Հեղինակը մէջբերած է Մխիթար Գոշի դատաստանագիրքը, ուր յիշուած են թագաւորական ստրուկները եւ անոնց վաճառքի ու նուիրաբերութեան տարածուած երեւոյթին մասին: Հեղինակը նաեւ գրած է ստրուկներուն իրաւունքներուն մասին: Այդ իրաւունքները կը տարուբերէին ըստ կրօնի` քրիստոնեայ ստրուկը աւելի լայն իրաւունքներ կը վայելէր, քան այլ ազգի ստրուկը:
Ձեռնարկի աւարտին առիթ տրուեցաւ հարցումներու: