Շաբաթ, 21 Փետրուար 2009ին, Մարսիլիոյ Ճեմարանը ապրեցաւ իւրայատուկ օր մը, ներկայութեամբ աւելի քան 100 ներկաներու, որոնց շարքին էին՝ նուիրատուներ Տէր եւ Տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան երեք անդամներ, Համազգայինի Վալանսի Լ. Շանթ մասնաճիւղի վարչականներ, Փարիզէն այս առիթով ժամանած համազգայնականներ, Փարիզի ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչը, Ճեմարանի տնօրէնուհի Սեդա Պիպերեան, խնամակալութեան բոլոր անդամները, ուսուցչական կազմը եւ համազգայնականներ:
Այդ օրուան հաւաքը յատուկ կերպով կազմակերպուած էր իբր երախտագիտութիւն Տէր եւ Տիկին Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեաններուն: Սուրէն Սարգիսեան առաջին իսկ օրէն մասնակից եղած է Ճեմարանի շինարարական աշխատանքներուն կազմակերպման եւ երկար տարիներ վարած է այս նպատակով կեանքի կոչուած հանգանակիչ մարմնի ատենապետի պաշտօնը: Ան նաեւ նիւթական մեծ ներդրում կատարած է Մարսիլիոյ Ճեմարանի ծրագրին:
Բացման Խօսքը արտասանեց խնամակալութեան ատենապետուհի Պրիժիթ Մարկոյեան, ապա խնամակալութեան անդամ Սիմոն Մնակեան փոխանցեց խնամակալութեան խօսքը: Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան խօսքը (զոր կու տանք ամբողջութեամբ): Ապա Սուրէն Սարգիսեան մեծ հաճոյքով արտասանեց իր սրտի խօսքը, որմէ ետք ներկաները բարձրացան առաջին յարկ, ուր եւ Ճեմարանի միջնակարգի բաժինը անուանուեցաւ «Սուրէն եւ Սոնիա Սարգիսեան միջնակարգի բաժանմունք»:
Հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ Ճեմարանի ճաշարանին մէջ: Մթնոլորտը ջերմ էր եւ մտերմիկ: Ճաշկերոյթի ընթացքին իր խօսքը փոխանցեց Ճեմարանի հայերէնի պատասխանատու եւ ուսուցիչ Հրաչ Վարժապետեան:
Այդ օր անգամ մը եւս հաստատուեցաւ Մարսիլիոյ Ճեմարանի կարեւորութիւնը ոչ միայն Մարսիլահայութեան, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի համար: Մեծարուեցան այս մեծ գործին հաւատացող ամոլը, որոնք միշտ ալ կը յատկանշուին հայ դպրութեան եւ մշակոյթի հանդէպ իրենց ունեցած գուրգուրանքով:
Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեանի արտասանած խօսքը կարդալ «Յօդուածներ» գլուխին տակ.
ԸՆԿ. ՄԿՐՏԻՉ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆԻ ԽՕՍՔԸ ՄԱՐՍԻԼԻՈՅ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՄԷՋ