Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Շաբաթ, 3 Հոկտեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ հանրածանօթ արուեստագէտ, հրապարակագիր եւ բանաստեղծ Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան` ներկայացնելով «Տիգրան Մեծ» մենաթատրոնը: Մարի Ռոզ Աբուսեֆեան, որ հեղինակն ու բեմադրիչն է «Տիգրան Մեծ» թատերգութեան, հիմնուած է Պերճ Զէյթունցեանի «Աստուծոյ 12 օրը» թատրոնին, հայոց պատմութեան եւ իր խոհերուն ու վերլուծումներուն վրայ:
Հանրաճանաչ արուեստագէտը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն` յայտնելով իր ուրախութիւնը եւ ջերմ շնորհակալութիւնը Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան: Ապա ինչ կը վերաբերի «Տիգրան Մեծ» ներկայացման ըսաւ, թէ ինչպէս այսօր, անցեալին ալ այս նոյն շրջանը գտնուելով պատերազմի մէջ դիմած է Տիգրան Մեծի օգնութեան, որ շուտով յաջողած է ազատագրել տարածքները եւ իր իշխանութիւնը հաստատել անոնց վրայ, ապա աւելցուց. «Ճիշդ է Տիգրան Մեծ չկայ այլեւս, որ շրջանը դուրս բերէ այս բարդ վիճակէն, բայց կայ Տիգրանի շառաւիղ հայութիւնը»: Մարի Ռոզ Ապուսեֆեան դիտել տուաւ, թէ ինչպիսի՜ հայրենասիրութեամբ ու հայրենապաշտութեամբ տոգորուած էր Տիգրան Մեծ: Ապա աւելցուց, որ Տիգրան Մեծի մասին այսօր քիչ տեղեկութիւններ հասած են մեզի եւ աւելի շատ օտար աղբիւրներու վկայութիւններ են անոնք, որովհետեւ քրիստոնէութեան մուտքէն ետք հեթանոսական շրջանին վերաբերող գրեթէ ամէն բան ոչնչացուած է: Ապուսեֆեան ըսաւ. «Ապրելով Միացեալ նահանգներու մէջ անկարելի է չմտածել քաղաքական հզօրութեան մասին, հետեւաբար` «Տիգրան Մեծ» թատերգութեան մէջ հիմնուած եմ առաւելաբար քաղաքական հզօրութեան գաղափարին վրայ»:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: