Համազգայինի Քուէյթի Մեկուսի Կազմի կազմակերպութեամբ` այս տարուան Ապրիլեան Եղեռնին նուիրուած հսկումը տեղի ունեցաւ 23 Ապրիլ 2018-ին, Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ Սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանի եւ ներկայութեամբ` Քուէյթի մօտ ՀՀ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան ՆՎ Պրն. Մանուէլ Բադէյեանի եւ իր տիկնոջ:
ՀՀ Օրհներգէն ետք, հանդիսութեան բացումը կատարեց կազմի ատենապետ՝ Մեսրոպ Թասլաքեան, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց Ցեղասպանութեան յիշողութեան պահպանումը եւ աւանդումը սերունդէ սերունդ, որ չմարի ժողովուրդի յիշողութիւնը եւ հատուցման պահանջատիրութիւնը: Ապա ներկայացուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որ ընդգրկեց երգեր, երաժշտական կտորներ եւ ասմունք։ Լիւսի Քահքէճեան ներկայացուց Կոմիտասի «Կռունկ» երգը, ապա Կարօ, Փաթիլ եւ Յովհաննէս Պօղոսեանները, տուտուկով, սրինգով ու ջութակով ներկայացուցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Հայոց Հովիկ» երաժշտական կտորը, որմէ ետք «Մայր մեր Հայաստան» երգը հնչեց Գէորգ Թէմամեանի կողմէ. անոր յաջորդեց Վահագն Դաւթեանի «Իմ Հարեւաններին» ասմունքի կտորի ներկայացումը Մարիա Սարգիսեանի մեկնաբանութեամբ, որմէ ետք Փաթիլ Պօղոսեան, ջութակով ներկայացուց «Ծիրանի Ծառ»-ը, ապա Լիլա Կարապետեանի մեկնաբանութեամբ՝ ներկայացուեցաւ «Կեանք ու Կռիւ» երգը։ Երգերուն, դաշնամուրի նուագակցութեամբ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ճորճ Արապաթլեան։
Օրուան բանախօս` Տոքթ. Ներսէս Սարգիսեան իր խօսքին մէջ հանգամանօրէն անդրադարձաւ Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման երկար գործընթացին եւ անկէ բխած պահանջատիրութեան հանգրուաններուն եւ ուղղութեանց իր իրաւական, քաղաքական եւ ուժերու հաւասարակշռութեան տեսակէտէ: Բանախօսը շեշտեց այն տքնաջան աշխատանքը, որ պէտք է տարուի Հայկական պետութեան եւ Սփիւռքին կողմէ` միասնական ջանքերով, կեդրոնացնելով իրաւական եւ քաղաքական կարողութիւնները ի խնդիր Ցեղասպանութեան ամբողջական ճանաչման եւ ապա` հատուցման, միաժամանակ կերտելով հզօր տնտեսական, ռազմական եւ ընկերային հաւասարութեան վրայ հիմնուած երկիր որպէս գրաւական Հայ Դատի լուծման։
Երեկոյի փակման խօսքը կատարեց Թեմիս Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Մասիս Եպս. Զօպուեանը, շեշտը դնելով հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ երեք հիմնական սրբութիւններուն՝ հայրենիքին, եկեղեցւոյ կողմէ սրբադասուած նահատակներուն ու սուրբերուն եւ քրիստոնէական հաւատքին կառչած մնալու անհրաժեշտութեան վրայ։
Հանդիսութեան աւարտին` ներկաները հետեւելով Սրբազան հօր, կարմիր մեխակներ զետեղեցին Եկեղեցւոյ մուտքին գտնուող խաչքարին դիմաց եւ խոնարհեցան ի յարգանս Եղեռնի զոհերուն: