Վերջերս «Վանայ ձայն»-էն սփռուեցաւ իւրայատուկ հարցազրոյց մը, որուն ընթացքին Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով 20-24 Փետրուարին Պոլիս գործուղուած Կեդրոնական Վարչութենէն երկու անդամներ` Մկօ Եափուճեան եւ Մարտիկ Տեմիրճեան խօսեցան Պոլսոյ մէջ իրենց ունեցած հանդիպումներուն, կատարած բանակցութիւններուն մասին: