Հովանաւորութեամբ Հ.Հ. սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ համակազմակերպութեամբ Աթէնքի քաղաքապետութեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Շրջանային Վարչութեան եւ Աթէնքի քաղաքապետութեան Մշակութային, Մարմնամարզի եւ Երիտասարդութեան բաժանմունքին, Երկուշաբթի՝ 16 Նոյեմբեր 2015-ին միացեալ բացառիկ համերգ մը կազմակերպուեցաւ Աթէնքի ընդարձակ ՓԱԼԼԱՍ սրահին մէջ, աւելի քան հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան։
Աթէնքի քաղաքապետութեան սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս եկաւ մեծանուն հայ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններով՝ «Մասքարաթ», «Սպարթաքոս», «Գայեանէ» պալէէն կտորներով, «Վալս», «Նոքթիւրն», «Մազուրքա», «Ռոմանս», «Կալոփ» եւայլն։
Արամ Խաչատուրեանի գործերէն առաջ նուագախումբը մեկնաբանեց 1935ի ծնունդ ծանօթ յոյն երաժիշտ ու խմբավար Թէոտորոս Անտոնիուի տասնամեակներ առաջ յօրինած կտոր մը, որ օրին Celebration անունով ձօնուած էր յոյն եւ հայ բարեկամութեան։ Այս յօրինումը հիմնուած է հայկական երգի մը վրայ, որուն շուրջ յօրինողը հիւսած է իր երկը։
Համերգին ներկայ եղան հայ եւ յոյն պաշտօնական հիւրեր, արուեստագէտներ, յօրինողներ, նուագողներ, խմբավարներ, քաղաքապետական խորհուրդներու անդամներ։