Մայիս ամիսը աւստրալահայ մշակութասէր հասարակութեան համար հանդիսացաւ բեղուն ժամանակաշրջան մը: Արդարեւ, հրաւէրովը Համազգայինի Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ մասնակցութեամբ անոր ենթակայ մասնաճիւղերուն, Սիտնի ժամանեցին հայրենի երիտասարդ արուեստագէտներ՝ երգիչ Վարդան Սահակեանը եւ ջութակահար Արմէն Մանուկեանը:
8 Մայիս 2016-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ համերգ Ryde Eastwood RSL Club-ի դահլիճէն ներս: Հայրենի արուեստագէտ Վարդան Սահակեան ներկաներուն անակնկալի մատնեց իր հմայիչ ձայնով ու արհեստավարժ մեկնաբանութեամբ: Յայտագրի առաջին մասով ան ներկայացուց դասական երգեր Կոմիտասէն, Սպենդիարեանէն, Պաղտասարեանէն, ինչպէս նաեւ իր օփերայի մարզուած ձայնով Falva Dichtenchello-ի Vuie եւ Bixio Palami-էն D’amore Mariս-ն:
Արմէն Մանուկեան, իր կարգին, մեծ տպաւորութիւն թողուց ներկաներուն վրայ ջութակի վրայ իր բաձրորակ երաժշտական կատարողութեամբ: Հայրենի արուեստագէտներուն դաշնամուրով կ'ընկերակցէր գաղութիս ծանօթ, երիտասարդ, տաղանդաւոր եւ մասնագէտ դաշնակահարուհի Զելա Մարկոսեան- Գասպարը: Ան հմտօրէն համադրեց երեկոյի երաժշտական դասաւորումը դաշնակի վրայ:
Յայտագրի երկրորդ բաժնով Վարդան Սահակեան հանդիսատեսները խանդավառեց ազգային ու հայրենասիրական երգերու շարանով: Պաստառի վրայ կը ցուցադրուէին երգերուն համապատասխան պատկերներ ու տեսարաններ հայոց պատմութեան ազգային զարթօնքի, յեղափոխական շարժման ու Արցախի ազատագրութեան պայքարի օրերէն:
Օրուան բացման խօսքը կատարեց Օրդ. Քարէն Պօհոսեան, իսկ բեմավարութիւնը գեղեցկօրէն կատարեց ընկերուհի Հայկուշ Զէյթունցեանը: Ան իւրաքանչիւր երգը պատշաճ կերպով ներկայացուց եւ ընթերցեց Վարդան Սահակեանի մեծ հօր Սահակ Սահակեանի Սիտնիի Հայութեան ուղղուած նամակը:
Համերգի աւարտին հայրենի արուեստագէտներուն եւ Զելա Մարկոսեանին յանձնուեցան յուշանուէրներ: Համազգաինի Աւստրալիոյ Շրջանային վարչութեան ատենապետ ընկ. Վիգէն Գալլողլեան շնորհաւորեց արուեստագէտները, ինչպէս նաեւ՝ մշակոյթը արժեւորող ներկաները: Ընկ. Գալլողլեան յայտնեց. «Աւստրալահայ գաղութը 26 տարիներ առաջ ըմբոշխնեց հայրենիքէն հրաւիրուած երկու տաղանդաւոր արուեստագէտներու՝ Սահակ Սահակեանի եւ Թովմաս Պօղոսեանի ներկայութիւնը, որոնք Սիտնիի Հայ համայնքը խանդավառեցին իրենց բացառիկ տաղանդներով». ան աւելցուց. «Ահա՛ այսօր առիթը ունեցանք ականատես ըլլալու Սահակ Սահակեանի թոռան՝ Վարդանի կատարողութեան : Ան իր ձայնով մեզ հմայեց, եւ, վստահաբար իր մեծ հօրը սիրտը հպարտութեամբ լեցուց:
Կիրակի, 15 Մայիս 2016-ին, հայրենի արուեստագէտներուն ի պատիւ Հայ Մշակութային Կեդրոնէն ներս կազմակերպուած էր ողջերթի երեկոյ, որուն ընթացքին անոնք մտերմիկ մթնոլորտի մէջ ներկայ գտնուող ազգայիններուն ու յատկապէս երիտասարդներուն ներկայացուցին բազմատեսակ ոճի կտորներ, իսկ երեկոյեան աւարտին խանդավառեցին ազգային ու յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ:
Սիտնիի Հայ համայնքը գոհ մնաց Համազգայինի միջոցով հայրենի արուեստագէտներու ներկայութիւնը վայելելու առիթին համար:
Համազգայինը Հայ մշակոյթի պահպանման ու տարածման համար իր լաւագոյնը կը կատարէ: Կը մաղթենք որ շուտով այլ նման առիթներ ընծայուին համայնքիս համար:
Համազգային Աւստրալիոյ Շրջանային Վարչութիւն
08/06/2016