Կազմակերպութեամբ «Բագին» գրական հանդէսին, Չորեքշաբթի, 12 Հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, «Բագին»ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ ընթերցման հանդիպում` Հրայր Ճեպեճեանի «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» գիրքին:
Գիրքին ու անոր ներկայացուցած արժէքին մասին խօսեցաւ Սեդա Գրիգորեան, որ լուսարձակի տակ առաւ այն իրողութիւնը, որ «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» հատորին մէջ տեղ գտած պատմութիւնները կը դրսեւորեն Հրայր Ճեպեճեան մարդուն էութիւնը կազմող, ինքնութիւնը ձեւաւորող առանցքայլին երեք գործօններ` հայկականութիւն, լիբանանցիութիւն եւ աւետարանչականութիւն, որոնց շուրջ կը դառնան բոլոր գրութիւնները: Գիրքին մէջ տեղ գտած գրութիւններէն յատկանշական մէջբերումներ, նիւթերու, հերոսներու եւ վայրերու համադրուած յիշատակում կատարելով` ան հատորին ընդհանուր ամփոփումն ու պատկերը փոխանցեց:
Սեդա Գրիգորեան իր խօսքի եզրափակիչ բաժինով յատուկ կերպով շեշտը դրաւ ճեպեճեանական գոյապայքարին վրայ. «Գոյատեւել իբրեւ հայ` աշխարհի ո՛ր անկիւնն ալ ըլլայ ան, Ցեղասպանութեան իբրեւ հետեւանք` գոյատեւել տուեալ երկրի քաղաքացի իբրեւ, սփիւռքի սերունդներուն պարտադրուած երկու ինքնութիւններու հաւասարազօր պահպանման եւ զարգացման ի խնդիր, բայց նաեւ գոյատեւել յանուն քրիստոնէական արժէքներու պահպանման եւ յանուն արդարութեան հաստատման, պահանջատէրի ամպիոնէն ու ճակատաբաց բարձրացնելով ցեղասպան թուրքէն մարդկային, հողային ու մշակութային կորուստի հատուցման գիտակցուած ու արդար կանչ»:
Իր խօսքը աւարտելով` Ս. Գրիգորեան դիտել տուաւ, որ Հրայր Ճեպեճեանի ստորագրած գրութիւններուն մէջ պէտք է փնտռել եւ գտնել այն եռանկիւնը, որով կ՛ամբողջանայ անոր հայուն, լիբանանցիին եւ քրիստոնեային բաբախուն էութիւնը եւ հայուն գոյապայքարի ճեպեճեանական ճանապարհը:
Ապա իր սրտի խօսքը փոխանցեց գիրքին հեղինակը, որ անգամ մը եւս շեշտեց ամբողջական մշակոյթի կարեւորութիւնը` յատուկ կերպով անդրադառնալով այն երեւոյթին, որ այս եզրին մէջ ազգային մշակոյթն ու քրիստոնէական հաւատքը անբաժանելի են եւ իրար կ՛ամբողջացնեն: Այս մօտեցումէն մեկնելով է, որ գիրքն ու անոր մէջ տեղ գտած մտորումները, յուշերը, ապրումները, պատգամները արձանագրուած են: Հրայր Ճեպեճեան նաեւ խօսեցաւ հայու ինքնութեան մէջ փորագրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ պահանջատիրութեան մասին, որոնք ոեւէ հայու արեան հետ շրջան կ՛ընեն: Անոր համաձայն, ինք այս աւանդն ու պատգամը մնայուն կերպով կը փորձէ փոխանցել իր զաւակներուն, իսկ այս գիրքին ճամբով` հանրութեան:
Աւարտին ընթերցումներ կատարուեցան «Հայուն գոյապայքարի ճանապարհը» գիրքէն։