Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Շաբաթ, 24 Ապրիլ 2010-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յ. Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին նուիրուած գեղարուեստական յայտագիր՝ մասնակցութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն եւ միաւորներուն:
Ելոյթը սկսաւ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկապատանեկան երգչախումբի յեղափոխական երգաշարի եւ «Աւէ Մարիա» երգերու կատարումներով, որմէ ետք «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին երեք երաժշտութիւններ: Ապա «Գայեանէ» պարի դպրոցին աշակերտները պարեցին «Ուզունտարա»ն, որուն յաջորդեց Յաւերժ Շխրտմեանի կողմէ Պօղոս Սնապեանի «Պար» ստեղծագործութեան արտասանութիւնը:
«Գայեանէ» պարի դպրոցի «Շորորա» պարէն ետք, «Քնար» պարախումբը ներկայացուց «Աւէ Մարիա» երգի մոմերով պարն ու ժողովրդային պար մը: Հանդիսութեան ընթացքին նաեւ ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան մասին տեսաերիզ մը:
Նշենք, որ սրահի մուտքին Համազգայինի «Թ. Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցին աշակերտները ցուցադրած էին Ցեղասպանութեան նուիրուած գեղանկարներ:
Հանդիսութեան աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան հովանաւորութեամբ լոյս տեսած «Բանաստեղծութիւններու ծաղկեպսակ՝ մէկուկէս միլիոն նահատակներու յիշատակին» սկաւառակներէն օրինակներ, որոնց մէջ կþարտասանէ Իրմա Տէտէեան:
Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած այս ձեռնարկը, որ իր բնոյթով եզակի նախաձեռնութիւն մըն է, գաղութին մէջ կը մնայ ա°յն միակ միջոցառումը, որ միայն գեղարուեստական բարձրորակ յայտագիրով կը փոխանցէ երիտասարդութեան ու աշակերտութեան պահանջներն ու կեցուածքները: