Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կազմակերպութեամբ Շաբաթ, 4 Յունիս 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայոց պատմութեան հիմնահարցեր» հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ երկրորդ ծրագիրի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով Սեպուհ Այնթապլեան ողջունեց ներկաները հեռաուսուցման եռամսեայ խտացեալ երկրորդ ծրագիրի վկայականաց բաշխման հանդիսութեան առիթով եւ ըսաւ, որ 21-րդ դարու պայմանները կը մղեն բոլորը բարելաւելու իրենց գիտելիքները իրենց ընտրած ասպարէզներուն մէջ: Ան յաջողութիւն մաղթեց եւ շնորհաւորեց մասնակիցները իրենց տարած աշխատանքին համար: