Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Երկուշաբթի, 3 Յուլիս 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ «Գուսան» սենեկային երգչախումբը` խմբավարութեամբ Գրիգոր Ալոզեանի, դաշնակի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի:
Եկեղեցին լեցուցած արուեստասէրները աւելի քան մէկ ժամուան ընթացքին առիթը ունեցան ըմբոշխնելու հայկական հոգեւոր եւ ժողովրդային գանձարանէն իւրայատուկ նմուշներ, ինչպէս նաեւ ստեղծագործութիւններ, որոնք իրենց նորութեամբ հարստացուցած էին խումբին երգացանկը:
Համերգը սկսաւ Կոմիտաս վարդապետի «Խորհուրդ խորին»-ով, մենակատար` Կարօ Քելեշեան, ապա Րաֆֆի Այվազեան երգեց «Յայս յարկ»-ը: Անկէ ետք խումբը երգեց Մակար Եկմալեանի «Միայն սուրբ»-ը, որուն միաձուլուեցաւ մենակատար Շողիկ Թորոսեանի «Ամէն հայր սուրբ»-ի իւրայատուկ կատարումը: Բ. Կանաչեանի «Երազ»-ն ու «Ծիծեռնակ»-ը հարազատութեամբ հնչեցին, իսկ լիբանանահայ հանդիսատեսին համար նորութիւն էր Վ. Բեգոյեանի «Սանդի երգ»-ը, որուն մեկնաբանման ընթացքին մենակատարութեան բաժինով հանդէս եկան Կարինէ Անդրանիկեան, Մարալ Շաննաքեան եւ Սիրան Արծրունի: Ապա գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ հնչեցին Կ. Մուրզայի «Աղջի դու սիրուն»-ը, «Ալագեազ բարձր տեղ ա»-ն, «Քեզի մեռնեմ»-ը եւ «Լեպհօ»-ն: