Հրանդ Տինք Հիմնարկը ու Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Ընկերակցութիւնը միատեղ կը կազմակերպեն ակադեմական գիտաժողով մը Իսթանպուլի մէջ, 7-8 Հոկտեմբեր 2016-ին, «Հայկական ինքնութեան քննական մօտեցումներ 21-րդ դարուն. խոցելիութիւն, առաձգականութիւն եւ փոխակերպութիւն» խորագրով: