Շաբաթ 27 Մարտի առաւօտուն, Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան՝ ընկերակցութեամբ իր պատուիրակութեան եւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի ու դեսպանատան անձնակազմին, ինչպէս նաեւ մարդկային պաշարներու «Փիւնիկ» հիմնադրամի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեանի, այցելեց Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն: Ան ծանօթացաւ Համազգայինի հրատարակչական եւ գրատարածման գործունէութեան:
Նախարարը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը այցելեցին նաեւ Համազգայինի նորակառոյց «Լիւսի Թիւթիւնճեան» ցուցասրահը: Հրանուշ Յակոբեան գնահատեց գրականութեան եւ մշակոյթի տարբեր մարզերուն մէջ հաստատութեան ծաւալած գործունէութիւնը ու յաջողութիւն մաղթեց տնօրէնութեան ու անձնակազմին: