Կիրակի, 9 Սեպտեմբեր 2012-ին, Համազգայինի Գօլստըն Ճեմարանի դալարագեղ հողատարածքին վրայ, շուրջ 1000 հայորդիներ եկած էին Ճեմարանի ընտանիքին հետ տօնելու Սեպտեմբեր 21-ը՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման տօնը:
Այս առթիւ դաշտահանդէսը պիտի խանդավառէր հայրենիքէն յատկապէս հրաւիրուած հանարածանօթ եւ սիրուած երգիչ Արման Յովհաննիսեանը եւ իր նուագախումբը: Արման Յովհաննիսեանը Սիտնի հրաւիրուած է Գօլստըն ճեմարանի հրաւէրով, յատկապէս ներկայ գտնուելու անկախութեան տօնակատարութեան, ինչպէս նաեւ խանդավառելու Ճեմարանի տարեկան պարահանդէսն ու երգահանդէսը:
Անբացատրելի հպարտութեամբ եւ ցնծութեամբ պարուրուած էին ներկաները, որոնք իրար հետ զրուցելով, հայկական երաժշտութիւնը լսելով եւ Ճեմարանի ծնողաց յանձնախումբի կողմէ պատրաստուած համադամ ճաշերը համտեսելով ականատես եղան նաեւ օրուան ճոխ յայտագրին, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Գօլստըն Ճեմարանի «Նանոր» երգչախումբը, Մանկապարտէզի բաժնի բոլոր աշակերտները, ինչպէս նաեւ՝ երկրորդական բաժնի աշակերտութեան մէկ մասը հայրենասիրական ու ազգային երգերով:
Յայտագրին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Համազգայինի Սիտնի Պարի Անսամպլն ու Համազգայինի Նայիրի պարախումբը, որոնք հայկական ազգագրական պարերով ճոխացուցին ու յաջողութեան գագաթնակէտին հասցուցին օրուան մթնոլորտը: Օրուան տեւողութեան մերթ ընդ մերթ ելոյթ ունեցաւ Pomegranates նուագախումբը ժողովրդական երգերու ճոխ երգացանկով: Իսկ Ճեմարանի ծնողներէն Արա Մկրտիչեան ճարտարօրէն ու ճկունութեամբ վարեց օրուան յայտագիրը:
Ժողովուրդի բուռն բացականչութիւններով ու աշակերտներու խանդավառ կանչերով բեմ բարձրացաւ համեստ ու ազնիւ հայորդի, շատ շնորհալի ու տաղանդաւոր արուեստագէտ Արման Յովհաննիսեանը, որ Ճեմարանի շրջաբակը թնդացուց իր «Հզօր Հայաստան», «Երեւան» , «Ճէյրան Պալա» հանրածանօթ երգերու շարքով, քաջալերելով մեծ ու փոքր, որ վեր կենան եւ շուրջպար բռնեն Ճեմարանի ընդարձակ դաշտին վրայ: Հայկականութիւն բուրող եւ ներշնչող այս մթնոլորտին մէջ չէր կրնար ոչ մէկ հայ անհատ անտարբեր մնալ ու չզգալ տիրող հայաշունչ տրամադրութիւնը, չյուզուիլ ու չլսել անկախութեան փոխանցած պատգամը, որն էր՝ հայրենիքէն մղոններ հեռու, բոլորուած հայկական դպրոցի հողին վրայ, միացած որպէս մէկ մարմին կը տօնենք մեր ժողովուրդի պատմութեան վերջին քսանամեակի ընթացքին արձանագրուած պանծալի յաղթանակը:
Գօլստըն Ճեմարանի պատմութեան մէջ եզակի, յատուկ եւ յիշատակելի օր մը եղաւ Սեպտեմբեր 9-ը, որ իրագործուեցաւ Ճեմարանի խնամակալութեան, ծնողներուն , ուսուցիչներուն եւ աշակերտութեան ժրաջան աշխատանքով ու անսակարկ նուիրումով:
Նորա Սեւակեան