Հայաստանի Ազգային Գրադարանի տնօրէնութիւնը, ամերիկահայ թատերագիր, գրող, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Հրանդ Մարգարեանի հանդիպում մը կազմակերպած էր, որուն ընթացքին Մարգարեան ներկայացուց Նիւ Եորքի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 40ամեակին (1967-2007) նուիրուած յդուշամատեան գրքոյկը: Գրքոյքի պատրաստելուն աշխատանքները կատարած են՝ գլխաւոր հետազօտող Ժանէթ Մարգարեան, օժանդակներ՝ Ռիթա Կիրակոսեան եւ Արմինէ Մինասեան: Նկարներու հայթայթում՝ Սօնիա Պզտիկեան, Արմինէ Մինասեան, Ժանէթ Մարգարեան, Մարիէթ Գաբրիէլեան, Գոհարիկ Դաւիթեան եւ Նուպար Քարաքաշեան: Խորհրդատու՝ Արիս Սեւակ: Խմբագիր Հրանդ Մարգարեան:
Մարգարեան լայնօրէն անդրադարձաւ Նիւ Եորքի Համազգայինի գործունէութեան մասին: Կարեւորթւթեամբ նշեց մշակութային այն հսկայական աշխատանքը՝ թատերական, երգչախմբային, գրական, նոր սերունդի եւ դպրոցական աշակերտներու մշակութային դաստիարակութեան մարզերուն մէջ: Նշեց, որ վերջին քառասուն տարիներուն, Նիւ Եորքի Համազգայինը իր բարձրորակ ձեռնարկներով, վառ պահեց մշակոյթի ջահը Նիւ Եորքի մէջ: Միութեան թատերախումբը ելոյթներ ունեցած է՝ ԱՄՆի, Անգլիոյ, Քանատայի եւ Հայաստանի մէջ: Թատերախումբը առաջին հայկական թատերախումբն էր, որ Նիւ Եորքի Օֆֆ Պրօտուէի վրայ ելոյթ ունեցած է: Իսկ Միութեան երգչախումբը, առաջին հայկական երգչախումբը եղած է, որ Նիւ Եորքի Ալիս Թըլիի Հօլի մէջ ելոյթ ունեցած է: Մարգարեանի խօսքով, թէեւ քաղաքական կուսակցութիւնները, եկեղեցական ցանցը 20րդ դարի կէսերուն արդէն կայացած էին ամերիկահայութեան կեանքէն ներս, բայց մշակութային կեանքը, որ ազգի յարատեւութեան գրաւականն է, տակաւին յստակ կառոյցներ չունէր: Այդ ուղղութեամբ Համազգայինը իր մասնաճիւղերու ցանցով, մեծ ներդրում կատարած է:
Մարգարեան գրած եւ բեմադրած է 25 թատերախաղեր, մեծ արձագանգ գտած է յատկապէս Մեծ Եղեռնին նուիրւած անգլերէնով իր Mirrors թատերգութիւնը: Անոր մասին անդրադարձներ կան Ամերիկայի մէջ հրատարակուած Ethnic Theatre in the Unites States գիրքին մէջ: Իր Mirrors թատերախաղը արտատպուած է Armenian American Playwright գիրքին մէջ:
Մարգարեանի մասին խօսք առին Յ. Պարոնեանի անուան երաժշտական կատակերգութեան թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Երուանդ Ղազանչեանը, գրող, հրապարակախօս Գրիգոր Ջանիկեանը եւ Ռուբէն Յովսէփեանը, թատերագէտ Բախտիար Յովակիմեանը, Գրականագէտ Մարգարիտ Խաչատրեանը, Ասմունքող Սիլվա Եըզպաշեանը, որոնք ներկայացուցին Հ. Մարգարեան՝ մարդը, եւ թատերագիրը նաեւ անոր հայրենասիրութեան եւ ազգանուէր գործունէութեան մասին:
Գրադարանի տնօրէն Դաւիթ Սարգսեանը, հայ մշակոյթին եւ գրականութեան մատուցած ծառայութեան եւ սփիւռքի մէջ հայապահպանութեան ուղղուած իր գործունէութեան համար, Մարգարեանը պարգեւատրեց Յակոբ Մեղապարտի անուան շքանշանով:
Նշենք, որ Հոկտեմբեր 6ին Հ. Մարգարեան կը բոլորէ իր ծննդեան 70ամեակը, ինչպէս նաեւ՝ բեմադրական գործունէութեան 50-ամեակը: Հ. Մարգարեան կը զբաղի նաեւ բարեգործութեամբ: Ան Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կ'օժանդակէ թոքաբուժական հիւանդանոցներու, ինչպէս նաեւ՝ 50է աւելի դպրոցներու: