«Ազդակ» օրաթերթ.- Շաբաթ, 18 Յունիս 2016-ին Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական կեդրոնին կողքին բացումը կատարուեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ Համօ Օհանջանեանի անունը կրող երկյարկանի մասնաշէնքին: Մասնաշէնքի բացման արարողութիւնը սկսաւ կեդրոնի սաներու հայկական պարերու ներքեւ: Մասնաշէնքի բացման արարողութեան ներկայ էին բազմաթիւ հիւրեր, հոգեւորականներ, մտաւորականներ եւ հասարակական գործիչներ Թիֆլիսէն, Ջաւախքի տարբեր շրջաններէն եւ Հայաստանէն: Բացման արարողութեան Ախալքալաքի տեղական իշխանութեան ներկայացուցիչներու կողքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանէն պաշտօնեաներ:
Բացման ժապաւէնը հատելէ առաջ իրենց ողջոյնի ու երախտիքի խօսքերով հանդէս եկան բազմաթիւ հիւրեր, որոնք կարեւոր նկատեցին մասնաշէնքի կառուցումը, որ պէտք է ծառայէ հայ երիտասարդներու հայեցի կրթութեան կարեւոր առաքելութեան: Ջաւախքի օժանդակութեան խումբին անունով Բագրատ Սարգսեան խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Թեհրանի հայ համայնքին` Համօ Օհանջանեանի մասնաշէնքի կառուցման օժանդակութեան համար: Ան պարզաբանեց, թէ ինչո՛ւ մասնաշէնքը կը կրէ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան վարչապետ, ծնունդով ախալքալաքցի Համօ Օհանջանեանի անունը` ըսելով, որ իրենց նպատակն է երիտասարդները դաստիարակել իբրեւ ազգային գաղափարներով հայրենասէր մարդիկ:
Իրենց ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան նաեւ Ախալքալաքի շրջանային ժողովի նախագահ Համլեթ Մովսիսեան եւ Վրաստանի խորհրդարանին մէջ Ախալքալաքի պատգամաւոր Սամուէլ Պետրոսեան:
Մասնաշէնքի բացման մշակութային ներկայացումներէն եւ ողջոյնի խօսքերէն ետք մասնաշէնքի բացման ժապաւէնը հատեցին Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ ՀՕՄ-ի Ջաւախքի օժանդակութեան ծրագիրներու ատենապետ Բագրատ Սարգսեան: Բացման արարողութեան յաջորդեց տնօրհնէքի արարողութիւնը:
Ախալքալաքի երիտասարդական կեդրոնի մասնաշէնքի բացման արարողութեան իրենց պարերով ու երգերով ներկայացան նաեւ Ախալցխայի ու Նինոծմինտայի երիտասարդական կեդրոններու սաները: