Կեդրոնական Վարչութիւն
Արուեստը եւ ընդհանրապէս մշակոյթը, ինչքան ալ անհատներու աշխատանքի, տաղանդի ու երեւակայութեան արգասիքը հանդիսանայ, որոշ պայմաններու տակ ապրող ու զարգացող հասարակութեան մը հաւաքական արտայայտութիւնը կը կազմէ: Հետեւաբար՝ մշակոյթը գերազանցապէս քաղաքական երեւոյթ է. ան անպայման պիտի ազդուի տուեալ հասարակութեան քաղաքական պայմաններէն: Ասիկա շատ բիրտ կերպով կ'երեւի մանաւանդ բռնատիրական վարչակարգերու տակ ապրող հասարակութիւններու պարագային: