Համազգայինի պարախումբի ելոյթներ
Քաղաքապետութիւններու կողմէ 1 Մայիս 2017-ի հրապարակային հանդիսութիւններուն պաշտօնական հրաւէրներու ընդառաջումը աւանդութեան կարգ անցած է։ Աւանդութիւն՝ որ կուգայ հինէն, «Աշխատաւորական Օր»ուան, այլեւ ծաղիկներու բնորոշիչ իմաստի պարգեւած ուրախութիւնը գեղարուեստական տօնակատարութիւններով նշելու առիթով։
Մշակոյթներու բազմազանութեան իւրայատկութիւնը ներդաշնակուեցաւ այս պատմական օրուան առիթով՝ Վիրոնայի, Ռենտիի եւ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեանց կեդրոնական հրապարակներուն վրայ, Յունաստանի տարբեր շրջաններէ բաղկացած պարախումբերով ու իւրաքանչիւրի ազգագրական պարերով, ինչպէս՝ Իզմիր, Կրետէ, Իմվրոս, Պոնտոս, Լեզվոս, եւայլն։
Նէա Զմիռնիի մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան «Նայիրի», իսկ Վիրոնայի մէջ՝ միութեան միջնեկներու խումբը՝ «Նանօր», պարուսոյց Էտկար Եղեանի եւ անոր օգնականներու ղեկավարութեամբ։ Երկու ելոյթները տեղի ունեցան առաջինը՝ Հ.Յ.Դ. Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան», երկրորդը՝ Հ.Յ.Դ. Աթէնքի «Գաբրիէլ Լազեան» (Գարէա) համապատասխան Կոմիտէներու համագործակցութեամբ։
Ուրախ ենք, որ նոր սերունդը կը սիրէ ու կը ծառայէ մշակոյթին եւ սիրայօժարօրէն ժամանակ կը տրամադրէ հայկական պարին ու արուեստին, առօրեայ իր դպրոցական ու յարակից պարտաւորութիւններուն առընթեր։
Մայիս 1-էն քանի մը օր առաջ, եւ իբրեւ Մայիս 1-ի ելոյթներու շարքին մէկ մասը, «Նայիրի» պարախումբը մասնակցեցաւ Ռենտիի քաղաքապետութեան տօնակատարութեան։