Միջին Արեւելք
Շրջանային Վարչութիւններ
Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերական միաւորի վարչութեան կազմակերպութեամբ, 2014 տարուան առաջին «Սինէ քլապ»-ը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, 31 Յունուար 2014-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ:
Ցուցադրուեցաւ Աթոմ Էկոյեանի «Նեքսթ աֆ քին» («Հարազատը») ժապաւէնը: Ժապաւէնը ներկայացուց դոկտ. Հրաչ Պարսումեան, որ իւրաքանչիւր պատկերի բացատրութիւնը տուաւ, ապա հարցումներուն ընդմէջէն ներկաները յաւելեալ լուսաբանութիւններ ստացան: