Եւրոպա
Համազգային Մշակութային Միութեան Օշական մասնաճիւղը իր 14-րդ ընդհանուր ժողովը գումարեց 26 Յունիս 2013-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին:
Նորընտիր վարչութիւնը իր առաջին նիստը գումարեց Չորեքշաբթի, 3 Յուլիս 2013-ին եւ ընտրեց իր դիւանը հետեւեալ պատկերով.-
Շուշիկ Պագալեան՝ ատենապետուհի
Մատլէն Մակարեան՝ ատենադպրուհի
Արամ Դաւիթեան՝ գանձապահ
Մարի Լուիզ Այնէճեան, Հաբէթ Թուլումճեան, Նաթաշա Թաւուգճեան, Հրայր Ղազարեան՝ խորհրդականներ
Յաջողութիւն կը մաղթենք Վարչութեան աշխատանքներուն: