Ուրբաթ, 22 Յուլիս 2016-ին Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ պարարուեստի օրերու սկիզբով տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած «Իմ Հայաստան» փառատօնի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին բարձր հովանաւորութեամբ:
Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք Նաւասարդ արք. Կճոյեան Տէրունական աղօթքով օրհնեց փառատօնի մասնակիցներն ու հիւրերը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ողջոյնի ուղերձը ներկայացուց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան:
Ելոյթ ունեցան փառատօնին մասնակցելու համար աշխարհի 25 երկիրներէ հասած 48 պարախումբերը, որոնց շարքին` Համազգայինի Լիբանանի «Քնար», Ֆիլատելֆիոյ «Մեղրի» եւ Նիւ Ճըրզիի «Նայիրի» պարախումբերը:
Յայտնենք, որ Հինգշաբթի, 21 Յուլիսին, Յակոբ Պարոնեանի անուան հանդիսասրահին մէջ, Համազգայինի «Քնար» պարախումբը Համազգայինի Նիւ Ճըրզիի եւ Ֆիլատելֆիոյ պարախումբերուն հետ առանձին ելոյթ ունեցաւ:
Միւս կողմէ, Շաբաթ, 23 Յուլիսին Համազգայինի «Քնար» պարախումբը հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կողմէ:
Մանրամասնութիւնները կարդալ այստեղ: