Հովանաւորութեամբ Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան, կազմակերպութեամբ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, Կիրակի, 17 Յունիս 2018-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Տաւիղ» նուագախումբը, գեղարուեստական ղեկավար եւ խմբավար Մկրտիչ Միքայէլեան:
Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէն Յակոբ Հանտեան իր բացման խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ 35 տարի առաջ Համազգայինը հիմը դրաւ «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնին եւ ստեղծեց «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը, որուն յարկին տակ սորվեցան եւ տակաւին կը սորվին հայ թէ օտար աշակերտներ, որոնցմէ ոմանք արդէն նուաճած են արուեստի համաշխարհային բեմեր` աւելցնելով, որ սոյն կեդրոնին զուգահեռ կը գործէ նաեւ այլ կեդրոն մը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրին մէջ, նաեւ երաժշտանոցը կը վայելէ Հայաստանի «Կոմիտաս»-ի անուան պետական բարձրագոյն երաժշտանոցին հովանաւորութիւնը յատուկ համաձայնագիրով, որուն համաձայն երաժշտանոցի աւարտական աշակերտները կ՛ընդունուին Հայաստան, իբրեւ երկրորդ տարուան համալսարանական ուսանող: «Եթէ կ՛ուզենք ունենալ առողջ ընկերութիւն եւ իրենց նմանները սիրող անձեր, մեզի անհրաժեշտ են երաժշտագէտներ եւ երաժշտասէրներ: Երաժշտութիւնը գեղեցիկ է անհատաբար, սակայն ե՛ւ տարբեր է, ե՛ւ հիանալի հաւաքաբար` խումբին մէջ, երբ այդ գեղեցկութիւնները միանալով ընթացք կու տան տարբեր աշխարհի, ուր զգացումները անզուգական են եւ անբացատրելի», եզրափակեց Հանտեան: