24 Սեպտեմբեր 2017-ին փունջ մը աւանդական ու ժամանակակից պարերով ելոյթ ունեցան Համազգայինի Սուրիոյ «Նիկոլ Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Գարմեն Էֆէեանի եւ Վրէժ Թերզեանի:
Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայլերգներէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Ապա հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով Պեթի Քիլերճեան եւ Սալբի Թիւֆենքճեան յայտնեցին, որ զոյգ պարախումբերը կու գան ողջունելու հալէպահայութիւնը, սկսելու նորն ու գեղեցիկը, շարունակելու Համազգայինի աւանդը: Անոնք անգամ մը եւս հաստատեցին, որ Համազգայինը հաւատարիմ կը մնայ իր առաքելութեան եւ հայկական պարային աւանդութիւնները գնահատելով` կը փոխանցէ զանոնք նորահաս սերունդին` երաշխաւորելու անոր գոյատեւումը:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայկական` ազգագրական, արաբական` հայրենասիրական եւ օտար` իտալական, պարսկական, վրացական, հնդկական եւ «Սալսա» պարերը:
Օրուան հանդիսավար Պեթի Քիլերճեան բանաստեղծական մէջբերումներով հարստացուց յայտագիրը` վեր առնելով հայ արուեստի անկորոյս արժէքները:
Ելոյթին ընթացքին ցուցադրուեցաւ «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբերու 2017 տարեշրջանի նախապատրաստական փորձերն ու նախկին ելոյթները ներկայացնող տեսերիզ մը:
Աւարտին խօսք առաւ Յուսիկ քհնյ. Սեդրակեանը, որ բարձր գնահատեց զոյգ պարախումբերուն ելոյթը երկրի նման պայմաններուն մէջ, ապա դրուատիքով անդրադարձաւ այն ծնողներուն, որոնք իրենց զաւակները Համազգայինին կը վստահին` անոնց մէջ վառ պահելու համար հայկական մշակութային արժէքները: