*Նուագահանդէս կատարողութեամբ «Բ. Կանաչեան» Երժշտ. Դպրոցի ջութակի դասատու ՝ Մհեր Տաւուտեանի, ընկերակցութեամբ՝ դաշնակահար Միքայէլ Քոչորովի, 4/Մայիս/2008-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Աստուածածնայ եկեղեցւոյ մէջ:
*Ասմունքի երեկոյ՝ «Պտոյտ հայ բանաստեղծութեան պարտէզին մէջ», կատարողութեամբ պոլսահայ վաստակաշատ ասմունքող Սիլվա Կոմիկեանի, կազմակերպութեամբ՝ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, նախաձեռնութեամբ՝ «Կիլիկիա» հրատարակչատան, Հին•շաբթի, 8/Մայիս/2008-ի երեկոյեան ժամը 9:00-ին, «Գ. Եսայեան» սրահը:
Նոյն ձեռնարկը յաջորդաբար տեղի ունեցաւ .-
5/Մայիսի/2008-ին, Դամասկոսի մէջ.
9/Մայիս/2008-ին, Գամիշլիի մէջ.
11/Մայիս/2008-ին, Քեսապի մէջ.
*«Սարդարապատ» պարախումբի ելոյթներ, կայացած 11,17,18,24,25, Մայիսի 2008-ին, կազմակերպութեամբ՝ «Ն. Աղբալեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան, «Գ. Եսայեան» սրահէն ներս:
*Կիրակի, 1/Յունիս/2008-ին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 90-ամեակներու առթիւ տեղի ունեցաւ միջ-մասնաճիւղային դաշտահանդէս փառատօն ու տողանցք, Հալէպի Րիաէթ Ալ Շապապ մարզադաշտին մէջ, անցեալի միջ - մասնաճիւղային տողանցքներու խորհուրդով, նպատակ ունենալով վերակենդանացնել անցեալի յուշերը եւ մեր մեծերու պատգամները:
Սոյն հանդիսութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի «Սարդարապատ» պարախումբը ազգագրական պարերով: