ամազգայինի ընտանիքն ու Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն տաղանդաւոր ու խոստմնալից խմբավար ընկ. Արթուն Գալեմքեարեանի մահուան տխուր առթիւ:
Ընկեր Արթուն Գալեմքեարեան ծնած է Քուէյթ, 1971-ին: Նախակրթութիւնը ստանալէ ետք Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանէն ներս, ուսումը շարունակած է Քարէն Եփփէ Ազգ. Ճեմարանէն ներս, միաժամանակ հետեւելով դաշնամուրի դասընթացքներու, իսկ եկեղեցւոյ մէջ ծառայելով իբրեւ դպիր:
1986-1994 թուականներուն մաս կազմած է Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբին, նախ իբրեւ երգիչ, ապա՝ մշակող-գործիքաւորող:
1990 եւ 1993 թուականներուն կազմած է ազգային գործիքներու նուագախումբ՝ ընկերակցելով Համազգային Մշկթ. Միութեան «Սարդարապատ» պարախումբին:
1995-1997- թուականներուն վարած է Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» Երաժշտանոցի գեղարուեստական բաժնի տնօրէնութեան պաշտօնը:
1998-ին մեկնելով Հաաստան, ընդունուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան Պետ. Կոնսերվատորիայի ստեղծագործական բաժին, կոմպոզիտոր Արամ Սաթեանի դասարան:
2001-ին տեղափոխուած է Օպերային-Սիմֆոնիկ Դիրիժորութեան բաժինը, ուսուցիչ ունենալով Հայաստանի Ազգային Օպերայի գլխաւոր դիրիժոր՝ Մերուժան Սիմոնեան:
Ուսմանը համատեղ աշխատած է Յարութիւն Թոփիկեանի ղեկավարութեամբ «Երեւանի կամերային երգչախումբ»ին մէջ իբրեւ երգիչ:
2006-ին աւարտելով մագիստրոսի աստիճանով եւ Օպերային-Սիմֆոնիկ Դիրիժորութիւն մասնագիտութեամբ կոնսերվատորիան, վերադարձած է Հալէպ եւ ստանձնած՝ Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի ղեկավարութիւնը: Ունեցած է ձայնագրութեան անձնական սթիւտիոյ, ուր տարած է գործիքաւորման եւ մշակման աշխատանք: Անդամակցած է Մշակոյթի Գործիչներու Համահայկական Լիկային:
Ամուսնացած է Գայիանէ Էլիզպարեանի հետ:
Համագործակցած է արուեստագէտներ՝ Արամ Սաթեանի, Յարութիւն Թոփիկեանի, Ռուբէն Ալթունեանի, Սեդրակ Երկանեանի, եւ Կարէն Սարգիսեանի հետ: