20 Մայիս 2017-ի երեկոյեան, Ստրովոլոսի Քաղաքապետարանի ծայրէ ի ծայր լեցուած հանդիսասրահին մէջ, 850 հոգիի ներկայութեամբ, տեղի ունեցաւ «Ախթամար» խորագրով՝ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Օշական» մասնաճիւղի տարեկան բացառիկ ելոյթը, լիբանանահայ տաղանդաւոր պարուսոյց Գրիգոր Քէլէշեանի գեղարուեստական ղեկավարութեամբ:
Երեք պարախումբեր՝ Համազգայինի Նիկոսիոյ «Սիփան», Պաֆոսի «Անի», ինչպէս նաեւ՝ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի նախաձեռնութեամբ հիմնուած՝ «Նանոր» մանկա-պատանեկան պարախումբերը, որոնց անդամներու ընդհանուր թիւը կը հասնէր 130-ի, ելոյթ ունեցան պարարուեստի ճոխ յայտագրով մը։
Հանդիսութեան ներկայ էին հրաւիրեալ բազմաթիւ քաղաքական գործիչներ, պետական պաշտօնատարներ, երեսփոխաններ, դեսպաններ եւ հիւպատոսներ, ինչպէս նաեւ համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։ Մուտքի տոմսերը օրեր առաջ արդէն սպառած էին։
Երեք պարախումբերը յաջորդաբար ներկայացուցին 15 հայկական եւ 3 օտար պարերու փունջ մը։ Յայտագրի վերջաւորութեան ներկայացուեցաւ հայկական «Ախթամար» սիրավէպը, որուն մտայղացումը, պարագրութիւնը եւ բեմադրութիւնը մեծապէս գնահատուեցաւ ներկաներուն կողմէ:
Յայտագրի աւարտին բեմ բարձրացան 3 պարախումբերու 130 պարողները եւ «Գոհար» Սիմֆոնիք նուագախումբի «Դդմաճազ» ծանօթ երաժշտութեամբ կատարեցին ելոյթի խանդավառ փակումը, արժանանալով ներկաներուն երկարատեւ յոտընկայս ծափահարութեան։