14 Փետրուար, 2009-ին, վերակազմաւորուեցաւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Պելճիքայի մասնաճիւղը:
Մասնաճիւղի վարչութեան անդամներն են.
Արմէն Արսլանեան (Ատենապետ)
Մարգարիտ Խաչատրեան (Ատենադպիր)
Սարգիս Գէորգեան (Գանձապահ)
Գաբրիէլ Կարապետեան
Կարէն Գասպարեան
Հրաչ Զաբունեան
Սամուէլ Սարգսեան
Այսօր Պելճիքայի մէջ, ուր կ°ապրին 25000 հայեր, անհրաժեշտ է լծուիլ հայապահպանութեան գործին: Մասնաճիւղի առաջնահերթութիւնն է սատարել արդէն գործող Անտվերպենի եւ Մեխելենի հայկական դպրոցներուն՝ ի նպաստ նոր սերունդներու հայեցի դաստիարակութեան: