Եւրոպա
Շրջանային Վարչութիւններ
Կիրակի 5 Յուլիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 9-ին, Աթէնքի Թեխնոփոլիս Կազիի մէջ տեղի ունեցաւ «Bollywood and Multicultural Dance Festival»ը։ Այս ելոյթը կը բնորոշուի որպէս բազմաբնոյթ երազային ճամբորդութիւն մը, դէպի աւանդական արեւելեան երաժշտութիւն ու պարարուեստի իւրայատկութիւններով ու նկարագրով պատկերացուած արուեստ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած է Artistic Studio Oriental Expressionի կողմէ։
Յունաստանի Համազգային Հայ Կրթական ու Մշակու թային Միութեան «Նայիրի» երկսեռ պարախումբը տպաւորիչ ելոյթով մը հանդէս գալով, գեղարուեստական երեկոն ճոխացուց հայ երաժշտութեան, հայկական պարի ու հայկական տարազներու բազմամշակութային ճաշակ մը դրսեւորելով եւ յոյն թէ օտար հասարակութեան լայն հետաքրքրութիւնը շարժելով։