Ֆորում
Ազդակ օրաթերթ.-
Սփիւռքի տարբեր գաղութներէ ուսանողներու համար հայկական առողջ ու դաստիարակիչ մթնոլորտ ստեղծող, իրենց հայկական ինքնութեամբ եւ արժէքներով հպարտ ըլլալու մղող, հայրենիքին եւ սփիւռքահայ ուսանողին միջեւ սերտ ու անմիջական կապ հաստատելու միտող Համազգայինի ուսանողական մշակութային հաւաքը այս տարի պիտի սկսի շաբաթ, 11 յուլիսին, Հայաստանի մէջ եւ պիտի աւարտի 26 յուլիսի առաւօտուն:
Այս առիթով «Ազդակ» հարցազրոյց մը ունեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գրասենեակի տնօրէն Արին Գալուստեանի եւ հաւաքի ընդհանուր պատասխանատու Արա Բարսեղեանին հետ: