Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի Համազգայինի «Դանիէլ Վարուժան» մասնաճիւղի վարչութեան, Շաբաթ, 24 Յունուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Հայ Առաջին Երիցական եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Սայաթ Նովա» երգչախումբի համերգը, 200է աւելի հանդիսատեսներու ներկայութեամբ:
Համերգի բացման եւ ներկաներու շնորհակալութեան խօսք յայտնեց վարչութեան ատենապետուհի Սրբուհի Մսրեանը, ապա հակիրճ կերպով տեղեկութիւններ փոխանցեց «Սայաթ Նովա» երգչախումբի կազմութեան եւ գործունէութեան առնչութեամբ:
Երգչախումբի 44 անդամ-անդամուհիները, տարազներ հագած բեմ բարձրանալով՝ գրաւեցին իրենց տեղերը եւ արժանացան ներկաներու բուռն ծափահարութիւններուն. ծափերու տարափին տակ, դիմաւորուեցաւ նաեւ երգչախումբի ղեկավար եւ դաշնակահար Նորա Ռումեանը (Պայրամեան)։ Ան փոխանակ բեմ բարձրանալու, դաշնամուրին դիմաց նստելով՝ Ամերիկեան քայլերգը նուագեց. գրաւիչ ձայնով անոր ընկերացաւ Ժագ Սիւթճեանը, ապա խումբը մեկնաբանեց «Մեր Հայրենիք»ը։