Շաբաթ 30 եւ Կիրակի 31 Յուլիս 2011-ին, Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան «Նայիրի» պարախումբը մասնակցեցաւ Էղիոյի Տիաքոֆթօ շրջանի 7-րդ, ինչպէս նայեւ Կորընթոսի Զեւղոլաթիօ շրջանի 17-րդ «Համաշխարհային Աւանդական Պարերու» փառատօներուն:
Էղիոյի քաղաքապետարանը, անցեալ տարիներու նման, այս տարի եւս, 3-րդ անգամ ըլլալով հրաւիրեց Համազգայինի պարախումբը, մեծապէս գնահատելով տղոց ու աղջկանց պարի գրեթէ արհեստավարժ մակարդակը: Համազգայինի պարախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ չորս պարերով, «Քոչարի», Կապոյտ թռչուն», «Շալախօ» եւ «Բերդ», մեծ խանդավառութիւն յառաջացնելով յոյն եւ օտար ներկաներուն մօտ: Հոս պէտք է նշել, որ սոյն փառատօնին Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբէն զատ կը մասնակցէին նաեւ արտասահմանէն ու Յունաստանի այլ շրջաններէ հրաւիրուած աւանդական պարերու ուրիշ խումբեր:
Կորընթոսի Զեւղօլաթիօ շրջանի կազմակերպած 17-րդ փառատօնին Համազգայինի պարախումբը 5-րդ անգամ ըլլալով մասնակցութիւն բերաւ: Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի անդամները, հայկական պարերը ներկայացնելու իրենց պարտականութեան կողքին, ազատ ժամանակ ունեցան պտըտելու եւ վայելելու երկու քաղաքներու տեսարժան վայրերը եւ Կիրակի ուշ երեկոյեան ժամերուն վերադարձան Աթէնք: