-Մոլորակներու մասին գիրք ունի՞ք,- կը հարցնէ 4-րդ կարգէն վառվռուն աչքերով աշակերտ մը։
-Եգիպտոսէն, Ալեքսանդր Սարուխանը կը ճանչնա՞ք,- հարց կու տայ աշակերտուհի մը՝ զարմացնելով գրադարանի պատասխանատուն:
-Շէքսբիրի հայերէն գիրքերը ո՞ւր դրած էք,- կը հարցնէ 5րդ կարգէն ուրիշ մը։
-Սուրբ Գիրք եւ աղօթքի գիրքեր ունի՞ք, հարց կու տայ լաւատեղեակ աշակերտուհի մը։
Այս հետաքրքրական հարցումները կ՚ուղղուին Հ.Օ.Մ.ի ամէնօրեայ վարժարանի աշակերտներուն կողմէ Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարան գրատարածի յանձնախումբի անդամուհիին։ Նոյեմբեր 30-ին 4-րդ եւ 5-րդ կարգերու աշակերտները, իրենց հայերէնի ուսուցչուհիին՝ Զանի Մեսրոպեան Շահինեանի առաջնորդութեամբ կ՚այցելեն գրադարան։ Արդէն իսկ, աշակերտները իրենց ձեռային աշխատանքով շնորհակալական բացիկներ պատրաստած են գրադարանի պատասխանատուին։ Ան ալ, իր հերթին, կը բացատրէ գրադարանի բաժինները, ինչպէս՝ վէպերու, քերթուածներու, արուեստի, ցեղասպանութեան եւ հնատիպ գիրքերու մասերը։ Նաեւ կը տեղեկացնէ որ Fairview եւ Bridlewood հանրային գրադարանները հայերէն մանակապատանեկան գիրքերու յատուկ բաժին ունին։ Ան կը շեշտէ հայերէն գիրքերու կարեւոր դերը եւ արժէքը մեր մշակոյթի պահպանման մէջ ։
Դեկտեմբեր 8-ին, դարձեալ կ՚այցելեն 4-րդ, 5-րդ, առաւել 6-րդ 7-րդ կարգերու աշակերտները իրենց ուսուցչուհիներուն ընկերակցուեամբ։ Այս անգամ արդէն որոշած են իրենց ընտրութիւնները։ Վարագի, Պարոն Նիկողոսի եւ Յովհաննէս Թումանեանի գիրքերու շարքերը ամենէն փնտռուածներն են։
Դեկտեմբեր 8,9 եւ 10-ը Հայ գիրքի տարեկան աւանդական շաբաթավերջն է։ Կան նորութիւններ, ինչպէս՝ Մովսէս Պչաքճեանի 8 հատորներու հաւաքածոն, “The memoirs of of Roustam”, որՆաբոլիոնի հայածին պահակ նաեւ խորհրդատուի յուշագիրն է։ Նաեւ կան տաղանդաւոր ջութակահար Նունէ Մելիքի նոր խտասալիկը “Hidden Treasure” խորագիրով, երկլեզու Քարէն Չիւթճեանի Առաջին Երգարանս մեծադիր գիրքը իր խտասալիկով։ Ընթերցողներու խնդրանքով Franz Werfel-ի Forty Days of Musa Daghը դարձեալ ապսպրուած է, որովհետեւ այս մէկ թարգմանութիւնը կատարեալ է, առանց կրճատումներու։
Աչքառու է յուշանուէրներու եւ բացիկներու բաժինը։ Զեղչեալ գիներով գիրքերը կը հետաքրքրեն անյայտ գանձեր փնտռողները։ Երիտասարդուհիները կը սիրեն Հայաստան պատրաստուած զարդեղէնները։ Ուսուցիչները իրենց դասարաններուն համար կ՚ընտրեն գիրքեր, որմնազարդեր եւ դաստիարակչական խաղեր։
Յաջորդ շաբթուան Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը, Դեկտեմբեր 14 եւ 15, գրատարածը Հ.Օ.Մ.ի Պապայեան եւ Գոլոլեան նախակրթարանի առաջին, երկրորդ եւ երրորդ կարգերուն յարմար գիրքեր, տեսահոլովակներ եւ հանելուկներ կը ցուցադրէ եւ կը վաճառէ դպրոցի արձակման պահուն։ Սրտապնդիչ է երբ փոքրիկ աշակերտը մատիկով ցոյց կու տայ ծնողքին, Անահիտ Սարգիսեանի զուարճալի գիրքերէն մէկը։ Հայր մը կը փնտռէ ամպով գիրքը։ Մայր մը իր զաւակին անունով խորագիր մը կը տեսնէ, անմիջապէս գաղտնօրէն կ՚ապսպրէ, որ Կաղանդ Պապուկին տոպրակին մէջ դրուի։ Մեծ հայրիկ մը իր թոռնուհիներուն ազատութիւնը կու տայ ընտրելու իրենց բոլոր փափաքածները։
Միաժամանակ Համազգայինի Յ. Մանուկեան գրադարանը բազմատեսակ որմնազարդեր եւ դասարանային գիրքեր կը նուիրէ դպրոցի զանազան կարգերուն։ Դպրոցի տնօրէնութիւնը, ուսումնական մարմինը եւ համազգայինը կ՚աշխատին, որ հայերէն լեզուն միայն դասապահու լեզու չըլլայ, այլեւ՝ ապրող, հաճելի, օգտաշատ եւ գաղափարներ ու զգացումներ արտայայտող մայրենի լեզու մը։
Արշօ Զաքարեան
Դեկտեմբեր 25, 2017